Պատուաստում Պատուաստում 

«Պատուաստ ստանալու իրաւունք. Ոչ մէկը պէտք է անտեսուի» Միջազգային Քարիթասին կոչը ՄԱԿ-ին։

«Ֆրանչիսկոս Պապը այս ուղղութեամբ յաճախ կրկնած է , որ վիրուսը մեզ միացուց ու թէ այս համաճարակէն կարող ենք դուրս գալ միայն զօրակցութեամբ» կը կարդանք վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ ուր նշնուած է նաեւ թէ «Այս տարի պատուաստանիւթերը դարձան բոլորի ուշադրութեան ու մեծ յոյսերու կեդրոնը»:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 5 Փետրուար 2021-ին Միջազգային Քարիթասը,  Հաւատայ Վարդապետութեան Ժողովին եւ Մարդկային համապարփակ զարգացումի խթանման ժողովի հետ համատեղ, հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որով կոչ ուղղեց պատուաստի իրաւունքին ի նպաստ,  հաստատելով՝ որ ոչ մէկը պէտք է անտեսուած մնայ անկէ։

Կոչը կը կրէ «Caritas Internationalis» ի նախագահ՝ Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէի, Մարդկային Համապարփակ զարգացումի խթանման ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Փիթըր Քոտվօ Ափփիա Թուրքսընի եւ Քարիթասի ընդհանուր քարտուղար՝ Ալոյիզուս Ժոնի ստորագրութիւնները։

Մարդկութիւնը կ՛ապրի վախի եւ անորոշութիւններու ցնցումի մէջ

Կոչին մէջ կը նշուի թէ անցեալ տարուընէ  սկսեալ COVID-19 վիրուսի տարածման պատճառաւ, մարդկութիւնը ապրեցաւ վախի եւ անորոշութիւններու ցնցում, եւ ի յայտ եկան մարդկային գոյութեան փխրունութիւնն ու խոցելիութիւնը: Այս վիրուսի տարածման դէմ պայքարելու համար մարդկային ընտանիքը փորձեց զօրակից կերպով գործել ՝ պահպանելով ընկերային  հեռաւորութիւնը ու արգելափակումները, փակելով սահմանները և դիմելով  թուային արհեստագիտութեան զանգուածային օգտագործումին։

Համաճարակէն կարելի է դուրս գալ միայն զօրակցութեամբ

«Ֆրանչիսկոս Պապը այս ուղղութեամբ յաճախ կրկնած է , որ վիրուսը մեզ միացուց ու թէ այս համաճարակէն կարող ենք դուրս գալ միայն զօրակցութեամբ» կը կարդանք վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ ուր նշնուած է նաեւ թէ «Այս տարի պատուաստանիւթերը դարձան բոլորի ուշադրութեան ու մեծ յոյսերու կեդրոնը»:

Պատուստի անարդար բաշխում

«Աշխարհի հիւսիսային շրջանի հարուստ երկիրները, որոնք մեծ գումարներ ներդրեցին պատուաստանիւթերու արտադրութեան համար, այժմ կը սպասեն այդ ներդրումներու արդիւնքին։ Մինչ աշխարհի հարաւ տարածաշրջանը, ուր կ՛ապրին աղքատներու մեծամասնութիւնը դուրս մնացած է այդ սպասելիքներէն» կը նշուի հուսկ կոչին մէջ մատնանշում կատարելով՝ թէ  «կ՛ապրինք վճռական պահ մը, ու հնարաւորութիւն ունինք միասնաբար ապրելու բարեսիրութեան հրաշքը եւ փրկելու համաշխարհայնացած աշխարհը։ Բայց մինչեւ օրս պատուաստանիւթերու հասանելիութեան հնարաւորութիւնը համայն աշխարհի մէջ անհաւասար է»:

Պատուաստը պէտք է հասանելի ըլլայ բոլորին, նաեւ աղքատներուն

Ֆրանչիսկոս Պապը յաճախ խրախուսեց մարդիկը դիմելու պատուաստի, որովհետեւ ան պատասխանատուութիւն մըն է հանդէպ մերձաւորին ու ընդհանուրի բարեկեցութեան։ Ան վերահաստատեց նաեւ թէ պատուաստը պէտք է հասանելի ըլլայ բոլորին, չբացառելով ոչ մէկը։ Եւ ասոր հիման վրայ Սուրբ Աթոռը պատուաստը նուիրեց նաեւ շարք մը աղքատ մարդոց։

Մեր իրար հետ փոխկապուածութեամբ  ապրող աշխարհի մէջ  պատուաստանիւթը պէտք է հասանելի ըլլայ  արդար կերպով:  Ու այս ուղղութեամբ մտահոգութիւն կայ  Ափրիկէի, Լատին Ամերիկայի և Ասիայի ամենաաղքատ հասարակութիւններուն նկատմամբ։

«Աղքատները, փոքրամասնութիւնները, գաղթականներն ու խոցելի խաւի պատկանողները առաւելապէս թիրախ են վիրուսին։ Զանոնք խնամելը բարոյական գերակայութիւն է, քանի որ զանոնք անտեսելը վտանգի կ՛ենթարկէ անոնց հասարակութիւնները ու համաշխարհային հասարակութիւնը։ Մեր հաւաքական բարեկեցութիւնը արդարեւ կախում ունի այն իրականութենէն թէ ինչպէս հոգ կը տանինք ամենավերջիններուն», կը կարդանք միշտ Քարիթասին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Քաղաքական առաջնորդները պէտք է դուրս գան իրենց սեփական ազգերու շահերէն

Ի տես այս համաշխարհային արտակարգ տագնապի իրավիճակին  քաղաքական առաջնորդները պէտք է դուրս գան իրենց սեփական ազգերու և քաղաքական խումբերու շահերէն։ Այս համաճարակը մարդկային անվտանգութեան համընդհանուր խնդիր է, որ կը  սպառնայ համայն  մարդկային ընտանիքին, որուն համար միջազգային հանրութիւնը պէտք է ունենայ ամբողջական, բազմաշահառու մօտեցում `խուսափելու համար նաեւ այն վտանգէն, որ համաճարակը   դուրս գալով  հարաւային շրջանի հսկողութենէն աշխարհը կրկին անգամ հանգեցնէ համաշխարհային մարդասիրական  ճգնաժամի դիմաց։ :

Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է վերատեսել աղքատ երկիրներուն պարտքը, որպէս անոնց ընծայուած հնարաւորութիւն, որպէսզի ներդրումներ կատարեն առողջապահական ասպարէզէն ներս ու բարելաւեն բժշկական ծառայութիւնները։

Կոչ ՄԱԿ-ին

«Պատուաստանիւթեր բոլորի համար. 20 միաւոր արդար և առողջ աշխարհի համար», Մարդկային  համապարփակ խթանման ծառայութեան  կատարած դիտարկումներու հիման վրայ Caritas Internationalis- ը կոչ կ՛ընէ որոշումներու պատասխանատուներուն եւ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան՝ գործելու հետեւեալ ուղղութիւններով.

- Հրաւիրել Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ `լուծելու պատուաստանիւթի  հասանելիութեան հարցը` որպէս համընդհանուր անվտանգութեան խնդիր, բազմակողմնութեան վրայ հիմնուած հաստատուն քաղաքական որոշումներով:

- Ձեռնարկել հնարաւորին չափ արագ՝ ամենաաղքատ երկիրներու պարտքերու վերատեսում եւ այդ  միջոցները  օգտագործել այդ երկիրներու բժշկական և առողջապահական համակարգերը արդիականացնելու համար:

- Աջակցիլ պատուաստանիւթի տեղական արտադրութեան գործին, Ափրիկէի, Լատինական Ամերիկայի և Ասիայի մէջ ու զանոնք  հասանելի դարձնել յառաջիկայ վեց ամիսներու ընթացքին, լուծելով աւելի աղքատ պետութիւններու հետ արձանագրային և տեխնիկական համագործակցութեան խնդիրը:

 - Տեղաբաշխել ֆինանսական և տեխնիկական աջակցութիւնը տեղի քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններուն և, մասնաւորապէս, Հաւատքի վրայ հիմնուած կազմակերպութիւններուն ` ապահովելու համար տեղական համայնքներու նախապատրաստումը, իրազեկութեան և կարողութիւններու զարգացման միջոցաւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2021, 11:49