Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ռուսիոյ Կիւրեղ Պատրիարքը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ռուսիոյ Կիւրեղ Պատրիարքը 

Կարդինալ Քոխ. «Համաճարակի տագնապը ապաշխարութեան ժամանակ է Աստուծոյ սիրոյն վերադառնալու համար»։

Կարդինալ Քուրտ Քոխի պատգամը Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ռուսիոյ Կիւրեղ պատրիարքին, Հաւանային մէջ կայացած հանդիպումի 5-րդ տարեդարձին առիթով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ռուսիոյ Կիւրեղ պատրիարքին, Հաւնայի մէջ կայացած հանդիպումի 5-րդ տարեդարձին առիթով, ուրբաթ, 12 փետրուարին տեղի ունեցաւ առցանց դասախօսութիւն, որուն նիւթը եղաւ «Եկեղեցի եւ համաճարակ. մարտահրաւէրներ եւ Հեռանկարներ։ Ձեռնարկը կազմակերպեցին, քահանայայապետական քրիստոնեաներու միութեան խթանման խորհուրդն ու Մոսկուայի պատրիարքութեան եկեղեցական արտաքին յարաբերութիւններուն բաժանմուքը։

Ունկնդրէ լուրը

Յիշեալ բանախօսութեան առցանց ելոյթ ունեցաւ քահանայապետական «Քրիստոնեաներուն միութեան խթանման խորհուրդի նախագահ, կարդինալ Քուրդ Քոխ։

Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Կիւրեղ Պատրիարքին միջեւ հանդիպումի տարեդարձը կը նշուի ամէն տարի յատուկ ձեռնարկով մը տարբեր երկիրներու մէջ։

Ելոյթին սկիզբը ծիրանաւորը ակնարկեց Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Կիւրեղ պատրիարքին հանդիպումին, նշելով որ այդ հանդիպումին երկրորդ օրը, Սուրբ Աթոռն ու Ռուսիոյ պատրիարքութիւնը փափաքեցան ամէն տարի յիշատակել այդ պատմական կարեւոր եղելութիւնը ձեռնարկելով ու իրականացնելով Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Կիւրեղ Պատրիարքին միասնական յայտարարութենէ բխած խորհրդածութիւններուն հայող ծրագիր մը։

2020 թուականին հանդիպումի տարեդարձին նիւթը եղաւ համաճարակի հարցը։

Ինչ կը հայի հինգերորդ տարեդարձին, կարդինալ Քոխ նշեց, թէ քովիտ 19 համաճարակի պատճառով, Սուրբ Աթոռն ու Ռուսիոյ պատրիարքութիւնը չկարողացան միասնական յայտարարութիւնէն յիշատակել նիւթ մը, որովհետեւ միասնական յայտարարութեան մէջ չէր նախատեսուած համաճարակի հարցը։ Կարդինալ Քոխ ապա ներկայացուց համաճարակի կարգ մը հարցեր։

Ընկերային համակեցութեան հայող հարցեր, պատճառուած ընկերային հեռացումէն ու ինքնամեկուսացումէ։

Հոգեբանական հարցեր, կղզիացումի պատճառաւ։Առողջապահական հաստատութիւններէն ներս յառաջացած ծանր պայմաններ, տնտսեութեան կապուած հարցեր, քաղաքական եւ կառավարական մարզերէն ներս ստեղծուած դժուարութիւններ,  եկեղեցական կեանքէն ներս տագնապներ, օրինակի համար շատ մը երկիրներու մէջ արգիլուեցան եկեղեցիներու մէջ ծիսակատարութիւնները, վերջապէս կրօնքի ու հաւատքի կապուած մեծ մարտահրաւէրներ։ ըսաւ կարդինալ Քուրտ Քոխ, աւելցնելով , որ բազմաթիւ անձերու տառապանքն ու մահը կասկածի տակ դրաւ  նոյնիսկ Աստուծոյ գոյութիւնը։

Համաճարակի տագնապը ապաշխարութեան ժամանակն է Աստուծոյ սիրոյն վերադառնալու համար

Կարդինալ Քուրտ Քոխ, կրօնական մարզէն ներս, յորդորեց կարգ մը կէտեր, դիմագրաւելու համար համաճարակի մարտահրաւէները։ Ան անդադարձաւ Մեծ Պահքին, անապատի մէջ ապրած Յիսուսի 40 օրերուն, Մովսէս հայրապետին, Սինայի լերան վրայ ծոմի օրերուն, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի անապատին մէջ անցուցած քառասուն տարիներուն, ժամանակամիջոց ուր Իսրայէլը Աստուծոյ դէմ կը գանգատէր, խնդրելով վերադառնալ անաստուածութեան ժամանակշրջանին։

Կարդինալ Քոխ  նշեց, թէ համաճարակը մեր մէջ վերադարձուց Իսրայէլի յեղաշրջումները, հակազդեցութիւնները, սակայն Իսրայէլը աւելի ուշ յիշեց անապատին մէջ ապրած 40 տարիները՝ իբրեւ Իսրայէիլ նկատմամբ Աստուծոյ առաջին սէրը, եւ Իսրայէլի սէրը Աստուծոյ նկատմամբ։ Այս պատճառաւ կրնանք յուսալ եւ աղօթել, որ համաճարակի տագնապը դառնայ նաեւ ապաշխարութեան ժամանակ, բոլորիս համար, որուն ընթացքին վերստին Աստուծոյ կը դիմենք որպէս կեանքի սիրելի։

Աստուած, որ անտեսանելի է, արարչագործութեան միջոցաւ մեր հետ կը խօսի։

Կարդինալ Քոխ ապա հրաւիրեց  համաճարակի տագնապի օրերուն, անդրադառնալ ու խոկալ կարգ մը կէտերու մասին։

Ան նշեց, թ մեր կեանքին մէջ յաճախ կը վստահինք լ տեսանելի, շօշափելի նիւթերուն։Այժմ, ժահր մը, որ երբեք տեսանելի չէ մեր աչքերուն, ունի քայքայիչ արդիւնքներ աշխարհին մէջ։Սակայն՝ Աստուած որ անտեսանելի է ներկայ է մեր կեանքին մէջ եւ կ՝ուզէ, որ մարդկային էակներէն հասկցուի, խօսելով արարչագործութեան միջոցաւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2021, 15:00