Նոր կայքէջ մը նուիրուած մարդկայինն եղբայրութեանմիջազգային օրուան Նոր կայքէջ մը նուիրուած մարդկայինն եղբայրութեանմիջազգային օրուան 

Նոր կայքէջ մը նուիրուած մարդկային եղբայրութեան միջազգային օրուան

Յօդուածներով,  լսատեսողական հետաքրքրական նիւթերով ու լուսանկարներովեւ տեսերիզներով, կարելի է լաւ հասկնալ այդ համաշխարհային նախաձեռնութեան իմաստը։ 

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, հինգշաբթի, 4 փետրուարին կը նշէ մարդկային եղբայրութեան օրը, որ տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Թագաւորութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ, կազմակերպութեամբ Շէյք Մուհամետ Պիզ Զայետիին։  Ձեռնարկի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Աւագ Իմամ Ալ Ազհար Ահմա Ալ Թայեպ, ինչպէս նեաւ Միացեալ Ազգերուն ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես եւ այլ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։

Տօնակատարութեան ընթացքին տեղի կ’ունենայ Մարդկային Եղբայրութեան Զայըտ մրցանակի յանձնման արարողութիւնը, որ ուղիղ եթերով պիտի սփռուի Հռոմի ժամով յետմիջօրէին 2,30ին։ Արարողութեան կարելիէ է հետեւիլ Վատիկան Նիւիզ կայքէջին միջոցաւ։

Նոր կայքէջ մը մարդկային եղբայրութեան օրուան մասին։

Ստեղծուեցաւ նոր կայքէջ մը ուր կը բացատրուի եղբայրութեան միջազգային օրուան իմաստը։  Յօդուածներով,  լսատեսողական հետաքրքրական նիւթերով ու լուսանկարներով եւ տեսերիզներով, կարելի է լաւ հասկնալ այդ համաշխարհային նախաձեռնութեան իմաստը։

Կայքէջի մէջ կը գտնենք նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին Ապու Տապիի մէջ արտասանած ճառը, ինչպէս նաեւ մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթը՝ տարբեր լեզուներով։

Կայքէջը ցարդ տրամադրելի է միայն անգլերէն լեզուով։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2021, 09:56