Կարդինալ Փիերթօ Փարոլին Կարդինալ Փիերթօ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլինը Քամերունի մէջ, Քահանայապետին Ափրիկէի հանդէպ հոգատարութեան նշան։

Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը 28 Յունուարէն 3 Փետրուար պաշտօնական այցով մեկնած է Քամերուն ուր նախատեսուած են իշխանութիւններու, հետ հանդիպումներ եւ պատարագ եւ Եաունտէի Յոյսի Կեդրոնին այցելութիւն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

28 Յունուարէն սկսեալ եւ մինչեւ 3 փետրուար Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը հովուական այցելութեամբ կը գտնուի Քամերունի մէջ, որպէս Եկեղեցւոյ եւ Ֆրանչիսկոս Պապին յատուկ ուշադրութեան արտայայտութիւն Ափրիկեան ցամաքամասին, ի տես յատկապէս ներկայ առողջապահական ճգնաժամին պատճառած տառապանքներուն։

Վատիկանի ներկայացուցիչին սոյն այցը կ՛ուզէ ըլլալ շօշափելի նշան այն միասնական զօրակից եւ մասնակից յանձնառումին, պաշտպանելու եւ պահպանելու համար բոլորի արժանապատուութիւնը եւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու գթութեան, հաշտութեան, ապաքինումին, յարգանքին եւ հիւրընկալութեան», որոնց մասին արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապը Խաղաղութեան համաշխարհային 54-րդ օրուան առթիւ յղած իր պատգամին մէջ, անցեալ մէկ յունուար 2021-ին, որուն բնաբանն էր «Հոգատարութեան մշակոյթը որպէս խաղաղութեան ուղեւորութիւն»։

Քամերունի մէջ կեցութեան ընթացքին Վատիկանի Պետքարտուղարը հանդիպումներ պիտի ունենայ երկրին իշխանութիւններուն հետ ապա Պամենտայի Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն ընթացքին Պալիումը պիտի շնորհէ Թեմին Արքեպիսկոպոսին։ Ան ապա պիտի այցելէ Եաունտէի յոյսի օճախը՝ հիմնադրուած 40 տարիներ առաջ Յիսուսեան Հայր Իվ Լէքանի կողմէ ուր ապաստան կը գտնեն ու խնամք կը ստանան փողոցային ու բանտարկեալ երիտասարդներ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2021, 11:00