Վատիկանի Թանգարաններու տնօրէնուհի՝ Տիկ Պարպարա Եաթթա Վատիկանի Թանգարաններու տնօրէնուհի՝ Տիկ Պարպարա Եաթթա  

Վատիկանի Թանգարաններուն վերաբացումը Փետրուարին։

«Կանխատեսած էր թանգարաններուն դռները բանալ 16 Յունուարին սակայն այսօր կը յայտարարենք փակումը երկարաձգել այլ 15 օրով». Պարպարա Եաթթա։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«Դիտաւորութիւնը այն է՝ թանգարանները վերաբանալ մէկ փետրուարին եթէ առողջապահական պայմանները ներեն»։ Այս մէկը Վատիկան Նիուզին  կը յայտնէ Վատիկանի Թանգարաններու տնօրէնուհի՝ Տիկ Պարպարա Եաթթա դիտել տալով թէ տակաւին վստահութիւն չկայ այդ մասին»։

«Կանխատեսած էր  թանգարաններուն դռները բանալ 16 Յունուարին սակայն այսօր կը յայտարարենք փակումը երկարաձգել այլ 15 օրով», որոշում մը, որ առնուեցաւ Սուրբ Աթոռի Կառավարութեան կողմէ, նշեց միշտ Տիկ Եաթթա։

«Եօթը քմ երկարութիւն ունեցող Վատիկանի Թանգարաններու ընթացքը, ի տես նաեւ այցելուներու փոքր թիւին, առողջապահական վտանգ կամ վարակումի առիթ մը չեն ներկայացներ եւ ասոր համար լաւ պիտի ըլլայ հանրութեան առջեւ վերաբանալ մեր դռները» ըսած է Վատիկանի Թանգարաններու տնօրէնուհին,  որ նաեւ յայտնած է թէ  համաճարակի հետեւանքով որդեգրուած սահմանափակումներու շրջանին առցանց այցելուներու թիւը մեծապէս աճած է, ի տես նաեւ Թանգարաններուն եւ Վատիկանի հաղորդակցութեան բաժանմունքի համագործակցութեամբ իրագործուած ընկերային ցանցերու ծրագիրներուն։

Վատիկանի Թանգարաններուն աշխատանքը երբեք չի կեցաւ, ըսաւ Տիկ Եաթթա նշելով՝ որ անձնակազմը հերթականութեամբ եւ առողջապահական դրութիւններու յարգանքով  կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2021, 14:00