Բորոտութեան համաշխարհային 68-րդ օրը Բորոտութեան համաշխարհային 68-րդ օրը 

«Խթանել հանդիպումի մշակոյթը ի նպաստ բորոտներուն» Կարդինալ Թուրքսըն

Նշենք թէ Առողջապահութեան Համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներու համաձայն աշխարհի մէջ աւելի քան 200 հազար մարդիկ ամէն տարի թիրախ են բորոտութեան հիւանդութեան մինչ աշխարհի մէջ անոնց ընդհանուր թիւը 3 միլիոն է։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 31 յունուարին կը յիշատակուի Հանսընի հիւանդութեան՝ բորոտութեան համաշխարհային 68-րդ օրը, որուն առթիւ Մարդկային համապարփակ զարգացումի ժողովի կառավարիչը, Կարդինալ Փիթըր Ափփիա Թուրքսըն, հրապարակեց պատգամ մը, որուն վերնագիրն է «Յաղթել բորոտութիւնը»։

«Թէեւ հնաւանդութեան դէմ կարելի է պայքարիլ պատշաճ խնամքներով սակայն տակաւին շատ բան կայ ընելիք Հանսընի հիւանդներուն ընկերացող «ընկերային խարանի» վերացման գծով» դիտել կու տայ Կարդինալ Թուրքսըն յատուկէն ուշադրութիւն հրաւիրելով հիւանդին հոգեբանական եւ ընկերային ոլորտներու վրայ, որոնց ուղղութեամբ կ՛առաջարկէ աւելի լաւ հաւասարակշռութիւն ու անձին ֆիզիկական, հոգեբանական, ընկերային եւ հոգեկան բարօրութիւն»։

Խթանել ներառումի մշակոյթ

Ծիրանաւորը կը խրախուսէ հուսկ խթանել ներառումի մշակոյթ մը՝ ի սպաս ընկերութեան  մաս կազմող բոլոր անհատներուն, ապահովելու համար հասարակութեան միասնականութիւնը։ «Պէտք է աշխատիլ համապարփակ առողջութեան ուղղութեամբ բորոտութենէն տառապող հիւանդներուն ապահովելով նաեւ աշխատանքի հնարաւորութիւն» կը գրէ Կարդալ Թուրքսըն պատգամին մէջ  ընդգծելով առողջապահական հասարակութեան եւ ընկերութեան կարեւոր դերը, այդ հիւանդներու ընդելուզման գործէն ներս։

Հանդիպումի մշակոյթ

«Հանդիպումի մշակոյթը կը տանի ապաքինումի եւ մտային բարօրութեան անոնց՝ որոնք թիրախ են այս  անհանգստացնող հիւանդութեան» կը հաստատէ Մարդկային համապարփակ զարգացումի ժողովի կառավարիչը, որ պատգամը կ՛աւարտէ երախտագիտութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք կը նուիրուին բորոտութիւնը յաղթելու գործին ու ապաքինում եւ յոյս կու տան անոնց որոնք կը տառապին այդ հիւանդութենէն։

«Անոնք մեզի գործնական կերպով ցոյց կու տան թէ հիւանդութիւնը բուժելի է ու թէմարդկային հանդիպումը կարող է վերացնել խարանը և թէ հոգեկան բարեկեցութիւնը առողջութեան անբաժանելի կարևոր մաս է» հաստատեց Կարդինալ Թուրքսըն:

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը

Բորոտներու համաշխարհային օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կիրակնօրեայ Մաերմեան աղօթքի աւարտին արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ յիշեց բորոտները ու մօտիկութիւն արտայայտեց այս հիւանդութիւնէն տառապողներուն ապա քաջալերեց անոնց ի սպաս ծառայութիւն մատուցող միսիոնարները եւ առողջապահական գործիչներն ու կամաւորները։

«Համաճարակը մեզի ապացուցեց թէ որքան կարեւոր է պաշտպանել աւելի դիւրաբեկ անձերու առողջութեան իրաւունքը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մաղթանք յայտնելով որ Ազգերու պատասխանատուները միացնեն իրենց ջանքերը բուժելու համար Հանսընի հիւանդութենէն տառապողները ու գործելու անոնց ընկերային ընդելուզման ուղղութեամբ։

3 միլիոն անհատներ կը տառապին բորոտութեան հիւանդութենէն

Նշենք թէ Առողջապահութեան Համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներու համաձայն աշխարհի մէջ աւելի քան 200 հազար մարդիկ ամէն տարի թիրախ են բորոտութեան հիւանդութեան, մինչ աշխարհի մէջ անոնց ընդհանուր թիւը 3 միլիոն է։

Բորոտութեան համաշխարհային օրը հաստատուած է 1954-ին Ռաուլ Ֆոլլերոյի կամքով, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց անոնց բուժման ու ընկերութեան մէջ անոնց ընդելուզման համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2021, 12:15