Հոնտուրասի մէջ «Լոթա» մրրիկին հետեւանքները (11- 2020) Հոնտուրասի մէջ «Լոթա» մրրիկին հետեւանքները (11- 2020) 

Կարդինալ Փարոլին. «Կլիմայի յարմարեցման գագաթնաժողովը առիթ ստեղծելու զարգացումի նոր նմոյշ»։

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը՝ «Climate Adaptation Summit 2021» ին Քահանայապետին անունով յղած լսատեսողական պատգամին մէջ կ՛ընդգծէ ընդհանուր ռազմավարութեան մը անհրաժեշտութիւնը մեղմացնելու կլիմայի փոփոխութեան բացասական ազդեցութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կլիմայական փոփոխութիւններուն ի տես պատասխանը, մեղմելու համար կլիմայի փոփոխութեան վնասակար հետեւանքները եւ յարմարուելու անոր, ըլլայ առիթ «խթանելու՝ զարգացումի նոր նմոյշ մը» որ բարելաւէ բոլորին կեանքի, առողջութեան, եւ անվտանգութեան պայմանները, եւ ստեղծէ «աշխատանքի նոր հնարաւորութիւններ»։ Այս կը խնդրէ յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Հոլանտայի մէջ 25 եւ 26 Յունուարին գումարուած «Climate adaptation summit 2021» կլիմայի յարմարեցումի միջազգային վեհաժողովին ուղղած իր լսատեսողական պատգամով։

Արագ գործողութիւններ կրճատելու  համար ջերմային կազերու արտանետումները

«Հասարակաց բարիքին դիմաց կլիմայական փոփոխութիւններէն կազմուած դարաշրջանային մարտահրաւէրը,  կը պահանջէ «արագ գործողութիւններ» կրճատելու  համար ջերմային կազերու արտանետումներն ու մեղմացնելու անոնց բացասական ազդեցութիւնները» կը նշէ Վատիկանի Պետքարտուղարը հաստատելով, որ «Ասիկա բարոյական հրամայական  մըն է, որովհետեւ կլիմայական փոփոխութիւններու ծանր հետեւանքները շատ անգամ կը հարուածեն աւելիով դիւրաբեկները, աղքատներն ու ապագայ սերունդները»։

Երկարաժամ համընդհանուր եւ բաժնեկցուած ռազմավարութիւն

«Աղքատները, որոնք աւելի նուազ պատասխանատուութիւն կրողներն են ընդհանրական ջերմութեան ի տես, դժբախտաբար կը մնան աւելի հաւանական տուժողները, որովհետեւ նուազ կարողութիւն ունին յարմարելու եւ յաճախ կ՛ապրին տագնապի գօտիի մաս կազմող աշխարհագրական շրջաններու մէջ» կը նշէ Կարդինալ Փարոլինը աւելցնելով որ «Յարմարեցման  եւ մեղմացումի այս գործունէութիւնները կարիքը ունին երկարաժամ համընդհանուր եւ բաժնեկցուած ռազմավարութեան մը, որ հիմնուած ըլլայ  յստակ յանձնառութիւններու վրայ, որոնք կարող ըլլան խթանել զարգացումի նոր նմոյշ մը, կառուցուած կլիմայի փոփոխութեան դէմ և աղքատութեան դէմ պայքարի ընդմէջ  կապի վրայ։  Որովհետեւ ոչ մի բան կարելի է կառուցել առանձին եւ Քովիտ-19 համաճարակը լաւապէս մեզի ցոյց տուաւ այս մէկը։

Կլիմայական փոփոխութիւններու ի տես պատասխանը առիթ բարելաւելու մարդկային կեանքը 

Անհրաժեշտ է առ այդ միջազգային աւելի զօրեղ համագործակցութիւն մը» կը նշէ կարդինալ Փարոլինը յղում կատարելով անցեալ սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապին Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան յղած պատգամին եւ յոյս յայտելով, որ «Կլիմայական փոփոխութիւններու պատասխանը դառնայ առիթ բարելաւելու մարդկային կեանքը եւ ստեղծելու աշխատանքի նոր հնարաւորութիւններ։ 

Քաղաքական կամք եւ շարժառիթ  շարունակելու համար  ձեռնարկութիւնը

«Դժուար եւ բարդ պարտականութիւն մըն է սա, սակայն մենք ունինք ազատութիւն, իմաստութիւն եւ կարողութիւն, առաջնորդելու եւ ղեկավարելու արհեստագիտութիւնը ու զայն դնելու ի սպաս տարբեր ձեւի զարգացումի մը, աւելի մարդկային, ընկերային ու համապարփակ» կը հաստատէ Կարդինալ Փարոլինը պատգամի աւատին շեշտելով՝ որ այդ ուղղութեամբ հարկաւոր է ցոյց տալ, թէ  «ունինք քաղաքական կամք եւ շարժառիթ  շարունակելու համար այս ձեռնարկութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2021, 15:30