Լուրտի Սրբավայրին մէջ հիւանդներ (Արխիւային նկար) Լուրտի Սրբավայրին մէջ հիւանդներ (Արխիւային նկար) 

Հիւանդներու համաշխարհային օրը

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ հիւանդները խրախուսած էր ցաւը չի նկատելու լոկ բացասական փորձառութիւն, որովհետեւ տառապող Քրիստոսին մէջ ամէն մէկ հիւանդ կարող է գտնել իր ցաւերուն իմաստը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հիւանդներու համաշխարհային օրը հաստատուած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ կողմէ 13 մայիս 1992-ին եւ ամէն տարի կը նշուի 11 փետրուարին, Լուրտի Տիրամօր ծիսական տօնին օրը նպատակ ունենալով զգայուն դարձնել  Աստուծոյ Ժողովուրդը  եւ կաթողիկէ տարբեր հաստատութիւններն ու քաղաքացիական հասարակութիւնը այն անհրաժեշտութեան՝ թէ պէտք է  աւելի լաւ խնամք ապահովել հիւանդներուն։

Համաշխարհային օրուան հաստատումի միտումն էր օգնել հիւանդին արժեւորելու համար տառապանքը, ըլլայ մարդկային ու յատկապէս հոգեկան գետնի վրայ, ներգրաւելով թեմերը, քրիստոնեայ հասարակութիւնը, կրօնաւորական ընտանիքները, առողջապահական հովուական խնամակալութեան առաքելութեան մէջ։  Մաղթանքը ապա այն էր խթանել կամաւորներուն թանկարժէք յանձնառումը եւ կարեւորել առողջապահական գործիչներուն հոգեւոր եւ բարոյական կազմաւորումը։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ բացատրած էր այդ առթիւ թէ 11 փետրուարի թուականը ընտրած էր, որովհետեւ Լուրտի Մարեմեան սրբավայրը վայր ու խորհրդանիշ է յոյսի եւ շնորհքի, փրկարար տառապանքի նուիրումի ու անոր ընկալումի նշանով։

Երջանկայիշատակ Քահանայապետին համար այդ մէկը միայն լոկ աղօթքի օր մը չէր՝ այլ նաեւ Եկեղեցւոյ հիւանդներուն նկատմամբ հոգածութեան արտայայտութիւն եւ խթան քաղաքական եւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն նկատի առնելու իւրաքանչիւր հիւանդի իրաւունքը պաշտպանելու հրատապ առաջնահերթութիւնը։  

Այս ուղղութեամբ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ընդգծեց մարդ էակին կեդրոնականութիւնը ու առողջապահական մարզէն ներս մարդաբանութեան անհրաժեշտութիւնը,  ինչպէս նաեւ տեղական եկեղեցիներու յանձնառումին կարեւորութիւնը, որպէսզի  տառապող եւ հիւանդ անձերուն երաշխաւորուի աւելի արդիւնաւէտ խնամք.

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ հիւանդները խրախուսած էր ցաւը չի նկատելու լոկ բացասական փորձառութիւն, որովհետեւ տառապող Քրիստոսին մէջ ամէն մէկ հիւանդ կարող է գտնել իր ցաւերուն իմաստը։ Ցաւն ու հիւանդութիւնը մաս կը կազմեն մարդկային պայմաններուն սակայն մերած եւ յարութիւն առած Քրիստոսին մէջ մարդկութիւնը վերագտաւ ցաւերուն նոր ոլորտ մը՝ ան փոխան ձախողութեան կը յայտնուի որպէս առիթ՝ ընծայելու սիրոյ եւ հաւատքի վկայութիւն։

Հիւանդներու առաջին համաշխարհային օրը յիշատակուեցաւ 11 փետրուար 1993-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/01/2021, 12:49