Հիրոշիմայի ադոմական ռումբը Հիրոշիմայի ադոմական ռումբը 

Գերապայծառ Կալլակէր. Երկխօսութիւնն ու բազմակողմնութիւնը ի նպաստ հիւլէական զէնքերէ ազատ աշխարհի մը։

Պատերազմական նպատակներու համար ադոմական ուժանիւթի գործածութիւնը «անբարոյ» է, այս մէկը վաւեր է նաեւ հիւլէական զէնքերու «սեփականացումի» պարագային։ 24 նոյեմբեր 2019-ին Ֆրանչիսկոս Պապը իր ձայնը կը բարձրացնէր Հիրոշիմայի Խաղաղութեան յուշարանին մէջ, ի նպաստ ադոմական զէնքերէ ազատ աշխարհի մը։ Անցեալ հոկտեմբերին կը վաւերացուէր հիւլէական զէնքերու արգիլման պայմանագիրը, որ ուժի մէջ պիտի մտնէ վաղը՝ 22 Յունուարին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր, անցեալ հոկտեմբերին վաւերացուած եւ վաղը ուժի մէջ մտնող  հիւլէական զէնքերու արգիլման պայմանագիրի մասին  Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին,  բացատրեց թէ մինչեւ «2017-ի վերոնշեալ պայմանագիրի որդեգրումը, չկար միջազգային օրէնսդրական որեւէ  գործիք, որ բացայայտօրէն արգիլէր այդ զէնքերու օգտագործումը» եւ, թէ անոր ուժի մէջ մտնելը դրական քայլ մըն է, որ վերջ կը դնէ այդ բացին։

Արգիլել հիւլէական զէնքերը 

«Պայմանագիրի առաջնական նպատակն է միանշանակօրէն արգիլել հիւլէական զէնքերը, զանոնք դասելով  զանգուածային ոչնչացման այլ զէնքերու շարքին, ինչպէս քիմիական կամ կենսաբանական զէնքերը, որոնք արդեն արգիլուած են» ըսաւ Գերապայծառ Կալլակէր յայտնելով, թէ այս մէկը այն պատճառներէն մին է, որուն համար Սուրբ Աթոռը յանձնառութեամբ գործեց ուժի մէջ դնելու համար պայմանագիրը, գործնականապէս սատարելով պայմանագիրի շարադրութեան գործընթացին։

Մարդ անհատի կեդրոնականութիւնը

«Անոր դրոյթներէն շատերը ուղղակի կամ անուղղակիօրէն կը յիշեցնեն  մարդ անհատի կեդրոնականութիւնը, մարդկայնական տիպարը և խաղաղութեան պայմանագրի հետ սերտ կապերը » ըսաւ Գերապայծառ Կալլակէր այս ուղղութեամբ աւելցնելով, որ «Անհրաժեշտ է բոլորին յանձնառումը, անհրաժեշտ է կրկնապատկել ջանքերը հակազդելու համար բազմակողմնութեան դէմ բանեցուած ճնշումներուն ու յաղթահարելու համար կասկածի եւ անվստահութեան զօրականութիւնը»։

Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր
Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր

Կրթութեան կարեւրութիւնը 

Վատիկանի դիւանագէտը ակնարկեց նաեւ Պայմանագիրի այլ մէկ իմաստալից բնոյթին. Խաղաղութեան եւ զինաթափումի կրթութիւն երաշխաւորելու  կարեւորութեանըը։

«Կրթութիւնն ու  իրազեկումը կը ներկայացնեն երկու կարեւոր ոլորտներ, որոնք կը սատարեն կազմելու հիւլէական զէնքերէ ազատ աշխարի մը խճանկարը, որ կը պահանջէ յանձնառութիւն ի նպաստ կարեւոր ձեռնարկներու, խթանելու համար մշակոյթ մը՝ որ կը մերժէ այդպիսի զինամթերք, կեանքի ու խաղաղութեան մշակոյթ մը, խնամքի մշակոյթ մը» հաստատեց Գերապայծառ Կալլակէր։

Խաղաղութիւնը ու միջազգային անվտանգութիւնը կարելի չէ  հիմնել ամբողջական ոչնչացումի սպառնալիքին վրայ

Ան ապա ակնարկեց Քորոնավիրուսի բերումով աշխարհին ապրած ճգնաժամին, դիտել տալով, որ «Քովիտ-19 համաճարակը մեզի կը սորվեցնէ շատ բաներ. Անորմէ գաղելիք դասերէն մին արդարեւ այն է՝ վերատեսել մեր անվտանգութեան հայեցակարգը։

«Խաղաղութիւնը ու միջազգային անվտանգութիւնը կարելի չէ  հիմնել իրար փոխադարձ ոչնչացնելու կամ ամբողջական ոչնչացումի սպառնալիքին վրայ եւ ոչ ալ ուժերու հաւասարակշռութիւնը պահպանելու վրայ կամ յարաբերութիւնները կարգաւորելու «օրէնքի ուժը» «ուժի օրէնքով» փոխարինելով։

Երկխօսութիւն եւ զօրակցութիւն

«Խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը պէտք է կառուցուին երկխօսութեան եւ զօրակցութեան վրայ, արդարութեան եւ մարդուն համապարփակ զարգացումին վրայ մարդու հիմնական իրաւունքներու յարգանքին վրայ, արարչագործութեան խնամքին վրայ, կրթական եւ բժշկական կառոյցներու խթանման ու ժողովուրդներու միջեւ վստահութիւնը կերտելուն վրայ» հաստատեց ապա Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը նշելով, թէ «այս հեռանկարով  անհրաժեշտ է դուրս գալ միջուկային սանձահարութեան սահմաններէն»։

Առանց հիւլէական զէնքերու աշխարհ մը

«Առանց հիւլէական զէնքերու աշխարհ մը ստեղծելը  մաս կը կազմէ  հեռանկարային ռազմավարութեան մը , որ հիմնուած է այն գիտակցութեան վրայ, որ «ամէն ինչ իրար կապուած է», Ֆրանչիսկոս Պապին «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականին մէջ ընդգծուած համապարփակ բնապահպանութեան հեռանկարով» ըսաւ ապա Գերապայծառ Կալլակէր որ զրոյցի աւարին ընդգծեց՝ թէ  Հիւլէական զէնքերու արգիլման պայմանագիրը կ՛ընթանայ այս ուղղութեամբ եւ այս ռազմավարութիւնը կարելի է կառուցել միայն երկխօսութեան մը միջոցաւ, որ մղուած ըլլայ դէպի հասարակաց բարիքը եւ ոչ թէ անհատական կամ թաքնուած շահերու պաշտպանութեան վրայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2021, 14:30