Փոփոխութիւններ Օր մոխրոցի ծէսին մէջ։ Փոփոխութիւններ Օր մոխրոցի ծէսին մէջ։ 

Քովիտ. Փոփոխութիւններ Օր մոխրոցի ծէսին մէջ։

Աստուածային պաշտամունքի Ժողովը հրատարակեց գրութիւն մը որով կը սահմանուին ընթացակարգերը, որոնց պէտք է հետեւիլ Մեծ պահքի տօնակատարութեան ժամանակ
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Քորոնավիրուսի հետեւանքով ստեղծուած առողջապահական իրավիճակին պատճառաւ եւ ի տես յառաջիկայ 17 Փետրուարին քառասնորդաց շրջանի սկիզբի առթիւ Մոխրոց Օրուայ ծիսակատարութեան, Աստուածային պաշտամունքի եւ խորհուրդներու մատակարարման  կարգի Ժողովը իր պաշտօնական կայքին վրայ հրատարակեց գրութիւն մը, որով կը սահմանուին, Մոխրոց Օրուայ ծիսակատարութեան հայող  դրոյթները։

Գրութեան մէջ նշուած է՝ թէ Քահանան օրհնելէ եւ օրհնեալ ջուր սրսկելէ ետք  մոխիրին վրայ, հաւատացեալներուն ուղղուելով «միայն մէկ անգամ կ՛արտասանէ Հռոմէական պատարագամատոյցի բանաձեւը. «Ապաշխարեցէք եւ հաւատացէք Աւետարանին» կամ «Յիշէ ով մարդ, որ հող էիր եւ հող պիտի դառնաս»։

«Քահանան ապա ձեռքերը կը մաքրէ եւ դիմակը կը հագնի պաշտպանելու համար քիթն ու բերանը» եւ մոխիրը կը սրսկէ հաւատացեալներուն գլխուն վրայ առանց բանաձեւի արտասանութեան։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/01/2021, 15:00