Վատիկանի Զուիցերական Պահակագունդ Վատիկանի Զուիցերական Պահակագունդ 

Վատիկանի Զուիցերական Պահակագունդի 515-ամեակը։

Զուիցերական պահակագունդը իր 515 տարուայ իր պատմութեան մէջ միայն մէկ անգամ մասնակցած է ռազմական գործողութեան եւ այդ մէկը 6 Մայիս 1527-ին, Հռոմի թալանումի ընթացքին երբ զուիցերացի 147 պահակներ զոհաբերուեցան, պաշտպանելու համար Կղէմէս Է Պապը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանը` աշխարհի ամենափոքր պետութիւնն է սակայն ունի աշխարհի ամենահին բանակներէն մին` Զուիցերական պահակագունդը, որուն պարտականութիւնն է երաշխաւորել Սրբազան Քահանայապետին անմիջական պաշտպանութիւնը, հսկելով Վատիկանի բոլոր մուտքերուն վրայ։

Պահակագունդը հիմնադրուած է 22 Յունուար 1506 թուականին Յուլիոս Բ Քահանայապետի օրով։ Արդարեւ այդ օր Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ յատուկ ընդունելութեամբ հաստատեց  Պահակագունդին կազմաւորումը օրհնելով պահակագունդի 150 անդամները։

Զուիցերացի Պահակներու պաշտօնը որոշուած է 6 Մայիս 1959-ի Սահմանադրութեան առաջին յօդուածին մէջ։ Անոնց Զօրագունդին յանձնուած է Սրբազան Քահանայապետի անձին պաշտպանութիւնը։ Ասկէ զատ անոնք կը հսկեն անոր բնակարանին, վատիկանեան քաղաքի մուտքերուն եւ երթեւեկութեան կանոնաւոր ընթացքին, ապա տեղեկութիւններ կու տան ուխտաւորներուն եւ կը հսկեն որ ոչ մէկը վատիկանեան հողամասէն ներս մտնէ առանց հարկ եղած արտօնութեան։ Հանդիսաւոր արարողութեանց, ունկնդրութեանց պետական անձերու եւ դեսպաններու այցելութեան ընթացքին միշտ ներկայ ըլլալով կարգապահութեան ու պատուոյ պահակներու դերը կը կատարեն։

Զուիցերական պահակագունդին մաս  կազմելու համար հարկաւոր է ըլլալ Զուիցերիոյ քաղաքացի, Կաթողիկէ, Զուիցերական բանակին մէջ ծառայութիւն մատուցել, 18 - 30 տարեկան, ունենալ առ նուազն 174 սմ հասակ, ամուրի, եւ ունենալ ուսման բարձրագոյն վարժարանի վկայական։

Զուիցերական պահակագունդը 515 տարուայ իր պատմութեան մէջ միայն մէկ անգամ մասնակցած է ռազմական գործողութեան եւ այդ մէկը 6 Մայիս 1527-ին, Հռոմի թալանումի ընթացքին երբ զուիցերացի 147 պահակներ  զոհաբերուեցան, պաշտպանելու համար Կղէմէս Է Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2021, 10:11