Կարդինալ Թակլէ Կարդինալ Թակլէ 

«Համաճարակի այս տարուայ մէջ Ծնունդը մեզ կը հրաւիրէ զօրակցութեան» Կարդինալ Թակլէ։

Մենք չենք կրնար սպասել որ արտաքին գործօններ փոխեն իրականութիւնը։ Մի գուցէ այս մէկը չի փոխուի։ Սակայն կարող ենք փոխել մեր հեռանկարները ու այս մէկը կարող է նոր տարին դարձնել աւելի լուսաւոր
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ցաւեր եւ յոյս։ Ասոնք ենք զգացումները, որոնք համաճարակի պատճառաւ կը յատկանշեն Սուրբ Ծննդեան այս օրերը։ 2020 տարին կը հասնի իր աւարտին, տարի մը յատկանշուած տառապանքներով սակայն նաեւ բազմաթիւ անձերու յանձնառումով, որոնք օգնութեան կը հասնին տառապանքի մէջ գտնուողներուն» ասոնք է հակիրճ կերպով Ժողովուրդներու Աւետարանութեան ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէին մտածումները, զոր ան բաժնեկցեցաւ Վատիկան Նիուզի հետ մատնանշելով թէ «պէտք է մտածենք թէ առաջին Ծնունդը եւս, երբ Քրիստոս ծնաւ, կացութիւնը իտէալական չէր։ Իսրայէլը կը գտնուէր շատ դժուար պայմաններու մէջ ու այդ բարդ իրականութեան մէջ է որ ծնաւ Աստուծոյ Որդին»։

«Կը կարծեմ թէ այս տարուայ մեր դիմագրաւած հարցերը ու կեանքի դժուար պայմանները մեզ պիտի օգնեն կեդրոնանալու Ծննդեան յոյսի պատգամին վրայ։ Ի՞նչ է Ծնունդը եթէ ոչ Աստուած մեր մէջ։ Էմմանուէլը՝ Աստուած մեզի հետ։ Ամէն ինչ պիտի անհետանայ, արտաքին ու մակերեսային բաները երկրորդական կը դառնան սակայն այն իրականութիւնը՝ թէ Յիսուսը մեր մէջ կու գայ յաւիտեան կը մնայ։ Ահա այս է մեր յոյսը» ըսաւ ի մէջ այլոց Կարդինալ Թակլէ հարցազրոյցի ընթացքին եւ ակնարկելով Քովիտ19 ժահրէն վարակուածներուն յայտնեց՝ թէ ինք լաւապէս գիտէ ու ապրած է անոնց հոգեվիճակը տրուած ըլլալով որ ինք եւս վարակուեցաւ։ «Անոնք իմ մէջս կը գտնեն եղբայր մը» յարեց Ան ընդգծելով թէ 2020-ի Ծնունդը մեզ կը կոչէ զօրակցութեան ու թէ հարկաւոր է ըլլալ ստեղծագործ ու չի մտածել միայն մենք մեզի այլ նաեւ մեր շուրջիններուն, անոնց՝ որոնք մի գուցէ կարիքը ունին մեր օգնութեան մեր թիկունքին։

«Մենք պէտք է մտածենք թէ ունինք եղբայր մը, քոյր մը, բարեկամ մը» ըսաւ Կարդինալ Թակլէ մաղթելով, որ մարդիկը ուժը, յոյսը, հաւատքն ու ուրախութիւնը ունենան նոր տարին աւելի լուսաւոր դարձնելու համար։.

«Մենք չենք կրնար սպասել որ արտաքին գործօններ փոխեն իրականութիւնը։ Մի գուցէ այս մէկը չի փոխուի։ Սակայն կարող ենք փոխել մեր հեռանկարները ու այս մէկը կարող է նոր տարին դարձնել աւելի լուսաւոր, մեր յոյսը, մեր զօրակցութիւնը մեր ուրախութիւնը» հաստատեց Ժողովուրդներու Աւետարանութեան ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/12/2020, 14:00