Յիսնակաց շրջանի մտածականները Վատիկանի մէջ։ Յիսնակաց շրջանի մտածականները Վատիկանի մէջ։ 

Յիսնակաց շրջանի մտածականները Վատիկանի մէջ։

Յաւիտենական ճշմարտութիւնները որոնց մասին պիտի խորհրդածենք. Առաջինը՝ թէ մենք բոլորս մահկանացու ենք եւ «այստեղ չունինք մնայուն բնակարան», երկրորդ՝ թէ հաւատացեալի կեանքը վերջ չունի մահուան հետ որովհետեւ մեզի կը սպասէ յաւիտենական կեանքը եւ երրորդ՝ թէ մենք միակ չենք մեր մոլորակի նաւուն վրայ, որովհետեւ «Բանը մարմին եղաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յիսուսի ս. Ծննդեան տօնին պատրաստութեան համար Վատիկանի ''Redemptoris Mater'' մատրան մէջ  նախատեսուած Յիսնակաց շրջանի մտածականները,  աս տարի Քովիտ19 համաճարակի ստեղծած արտակարգ իրավիճակին բերումով տեղի կ՛ունենան Պօղոս Զ անուան դահլիճէն  ներս։  Աւանդական այս խորհրդածութիւններու նիստերուն հրաւիրուած են  իրենց մասնակցութիւնը բերելու`  կարդինալական դասը, արքեպիսկոպոսները, եպիսկոպոսները, Քահանայապետական տան կղերականները, Հռոմի Քուրիայի պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ Քահանայապետական մատրան մաս կազմող ընդհանուր մեծաւորներն ու միաբանութիւններուն ներկայացուցիչները։

Մտածականներու նիստերուն կը մասնակցի նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Այսօր` Ուրբաթ 4 դեկտեմբերի առաւօտեան, Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս, սկիզբ առաւ Յիսնակաց շրջանի  մտածականներու շարքը, զոր ներկայացուց վերջերս Կարդինալական տիտղոսի արժանացող Քահանայապետական տան քարոզիչը Կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսան, որ այս տարուայ որպէս նիւթ ընտրեց «Սորվեցուր մեզի մեր օրերը համրել, որ սրտի իմաստութիւն ստանանք» (Սաղմոս 90, 8).

«Յաւիտենական ճշմարտութիւնները, որոնց մասին պիտի խորհրդածենք. Առաջինը՝ թէ մենք բոլորս մահկանացու ենք եւ «այստեղ չունինք մնայուն բնակարան», երկրորդ՝ թէ հաւատացեալի կեանքը վերջ չունի մահուան հետ որովհետեւ մեզի կը սպասէ յաւիտենական կեանքը եւ երրորդ՝ թէ մենք միակ չենք մեր մոլորակի նաւուն վրայ, որովհետեւ «Բանը մարմին եղաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ։Այս ճշմարտութիւններէն առաջինը փորձառութեան առարկայ է, միւս երկուքը հաւատքի եւ յոյսի առարկայ»։

Քահանայապետական Տան Քարոզիչը այսպէս ներկայացուց  հակիրճ կերպով նիւթերը, որոնք պիտի հանդիսանան Սուրբ Ծննդեան տօնը կանխող երեք ուրբաթ օրերու մտածականներու առանցքը։

Ան դիտել տուաւ նաեւ՝  թէ  «Այսօր համայն մարդկութիւնը կը փորձարկէ կեանքի անկումը՝ համաճարակի պատճառաւ։ «Տէրը շատ անգամ մեզ կը դաստիարակէ բառերով, այլ անգամներ ալ փաստերով» գրած է Մեծն Սուրբ Գրիգորը։ Այս տարուայ մէջ որ յատկանշուած է Քորոնավիրուսի սարսափելի «փաստով», կը ջանանք ընկալել անորմէ բխած ուսուցումը, իւրաքանչիւրս իր անձնական եւ հոգեւոր կեանքին համար։»

Այսօրուան իր խորհրդածութեան մէջ Կարդինալ Քանթալամեսսան խօսեցաւ առաջին նիւթին մասին այն է՝ թէ բոլորս ալ մահկանացու ենք, շեշտը դնելով կեանքի ու յաւիտենական կեանքի իրականութեան վրայ ու մէջբերելով Եկեղեցւոյ հայրապետներէն խօսքեր եւ խոկումներ հայող մահուան ու յաւիտենական կեանքի, որոնց շարքին  Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերը ուր ան կը հաստատէ՝ թէ երբ մարդ մը ծնի այն ինչ՝ որ կարեւոր է, անոր գեղեցկութիւնը, հարստութիւնը կամ երկար կեանքը չէ այլ անոր մահանալը կամ անմահ ըլլալն է»։

 «Կեանքը դիտել մահուան տեսանկիւնէն մեզի համար արտակարգ օգնութիւն է լաւապէս ապրելու համար» եւ ասոր համար պէտք է հսկել եւ արթուն մնալ որպէսզի երբ ժամը հասնի պատրաստ ըլլանք դիմաւորելու Տէրը։  «Մահուան խայթը մեղքն է» կ՛ըսէ Սուրբ Պօղոսը Կորնթացիներու ուղղած իր նամակին մէջ։ Եթէ մէկ մը ապրի մահկանացու մեղքին մէջ անոր համար մահը խայթէն աւելի թոյն է։ Եւ Յիսուս՝ որ աշխարհ եկաւ մեզի կը յանձնարարէ չի վախնալ մահէն, որ կը սպանէ մարմինը այլ զգոյշ ըլլալ մեղքէն որ կը սպանէ հոգին։

Մահը քրիստոնեաներու համար վերջը չէ, այլ յաւիտենական կեանքին սկիզբն է ինչպէս կ՛արտասանենք ննջեեցելոց հոգեհանգստեան սուրբ պատարագի ընթացքին «Քու հաւատացեալներուդ ով Տէր, կեանքը չէ վերացուած, այլ փոխակերպուած է, ու երբ կը կործանուի երկրային աքսորի բնակարանը կը պատրաստուի երկնքի յաւիտենական բնակարանը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2020, 09:34