Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլինը Մանուկ Յիսուս հիւանադանոցին փոխանցեց Քահանայապետին ողջագուրումը։

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի 22 դեկտեմբերի յետմիջօրէին հեռակապի միջոցաւ միացաւ Մանկաբուժարանի բժիշկներուն, հիւանդապահներուն եւ կրօնաւորներուն հետ անոնց փոխանցելով իր անձնական ու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ողջոյններն ու ողջագուրումը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին բարեմաղթութիւնները այս տարի եւս հասան Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարան Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի միջոցաւ որ 22 դեկտեմբերի յետմիջօրէին հեռակապի միջոցաւ միացաւ  Մանկաբուժարանի բժիշկներուն, հիւանդապահներուն եւ կրօնաւորներուն հետ անոնց փոխանցելով իր անձնական ու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ողջոյններն ու ողջագուրումը։

Վատիկանի Պետքարտուղարը նախ գոհունակութիւն յայտնեց, որ հաղորդակցութեան միջոցները թոյլ կու տան հակառակ համաճարակին իրար հետ կապ հաստատելու եւ կենդանի պահելու այս գեղեցիկ աւանդութիւնը։

Ան ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց առողջապահական բոլոր գործիչներուն իրենց անձնուէր, խղճահար, որակաւոր, զուսպ ու յաճախ թաքուն» գործունէութեան համար ու անոնց «արդիւնաւէտ ու պատրաստակամ» պատասխանին, պայքարելու համար Քովիտ-19 չարիքին դէմ ու Մանուկները յուզող միւս բոլոր հիւանդութիւններուն դէմ։

Կարդինալ Փարոլին ակնարկեց ապա Մանուկի մը իրեն ուղարկած մէկ գծագրութեան ու անոր մէջ պարունակուած նախադասութեան ուր գրուած է. «Մեր աղօթքը աւելի զօրեղ է վիրուսէն», խոստովանելով որ Ինք այդ գծագրութիւնը կը պահէ իր գրասենեակին մէջ։

Նախ քան առցանց հանդիպումը Կարդինալ Փարոլինը հանդիպում ունեցաւ հիւանդանոցի Նախագահ Մարիելլա Էնոքի եւ անոր ընկերացող բժիշկներու փոքրիկ խումբի մը հետ, այդ առթիւ եւ անոնց յայտնելով իր գնահատանքը։  «Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանը այս իրավիճակին մէջ կարողացաւ իր լաւագոյնը մատուցել, որովհետեւ դուք վարժ էք միշտ ձեր լաւագոյնը պարգեւել տարուայ բոլոր պահերու ընթացքին» ըսաւ Կարդինալ Փարոլին աւելցնելով որ «առօրեայի յանձնառութենէն է որ կը ծնի կարողութիւնը պատասխան տալու նաեւ ճգնաժամերուն մէջ։ Տէրը օրհէ ձեր բոլոր ջանքերը»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2020, 15:00