Յատուկ կայքէջ նուիրուած Քահանայապետի “Fratelli tutti” շրջաբերականին։ Յատուկ կայքէջ նուիրուած Քահանայապետի “Fratelli tutti” շրջաբերականին։  

Յատուկ կայքէջ նուիրուած Քահանայապետի “Fratelli tutti” շրջաբերականին։

Կայքէջը իրակացուած է Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի համագործակցութեամբ նպատակ ունենալով խորացնել եւ ճանաչելի դարձնել Սրբազան Քահանայապետին վարդապետութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Մարդկային Համապարփակ զարգացման ծառայութեան Ժողովը որոշած է յատուկ կայքէջ մը ստեղծել նուիրուած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին անցեալ 3 հոկտեմբերին Ասսիզիի մէջ ստորագրած եղբայրութեան եւ ընկերային բարեկամութեան հայող  “Fratelli tutti” շրջաբերականին։

Ինչպէս գիտենք  «Fratelli Tutti»ն կը հանդիսանայ   Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակած չորրորդ շրջաբերականը։ Ան կազմուած է ութը գլուխներէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը նուիրուած է յատուկ մէկ նիւթի ուր պատասխան կը տրուի մասնաւորապէս կարեւոր մէկ հարցումի «Որո՞նք են մեծ իտէալները, ու նաեւ գործնականապէս անցանելի ուղիները անոնց համար, որոնք կը ցանկանան կառուցել աւելի արդար եւ եղբայրական աշխարհ մը, իրենց առօրեայի յարաբերութիւններու ընթացքին, հասարակութեան, քաղաքականութեան, եւ հաստատութիւններուն մէջ»։ Այս հարցումէն մեկնելով է որ Նորին Սրբութիւնը կու տայ պատասխաններ որոնց նպատակն է «խթանել եղբայրութեան եւ ընկերային բարեկամութեան համաշխարհային ձգտում մը։»

Շրջաբերականի վերնագիրը քաղուած է Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի  «Խրատներէն»,  ուր ան այդ բառերը կ՛օգտագործէ դիմելու «բոլոր եղբայրներուն և քոյրերուն և անոնց առաջարկելու Աւետարանի համը ունեցող  կեանք  մը»:

www.fratellitutti.va կայքէջը որ պարունակուած է www.humandevelopment.va  կայքէջի ներքոյ ի լոյս ընծայուեցաւ 1 դեկտեմբեր 2020-ին։ Կայքէջը իրակացուած է Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի համագործակցութեամբ նպատակ ունենալով խորացնել եւ ճանաչելի դարձնել Սրբազան Քահանայապետին վարդապետութիւնը։

Կայքէջը հասանելի է երեք լեզուներով Իտալերէն, Սպաներէն եւ Անգլերէն, թէեւ անոր մէջ զետեղուած են նաեւ Ֆրանսերէն, Փորթուկալներէն, Արաբերէն եւ Չինարէն լեզուով յօդուածներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2020, 13:30