Սուրբ Գիրք, մոմ։ Սուրբ Գիրք, մոմ։ 

Գերապայծառ Կալլակեր. «պաշտպանել կրօնական ազատութիւնն ու պաշտամունքի վայրերը։»

Փոխանցելով ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնները գերապայծառ սուրբ Աթոռին մտահոգութիւնը յայտննեց ԵԱՀԿ-ի տարածաշրջանէն ներս պաշտամունքի վայրերու, կրօնական կոթողներուն, գերեզմաններու դէմ ահաբեկչական արարքներուն գծով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի գումարած 27-րդ նիստին, որ առաջին անգամուան համար տեղի ունեցաւ առցանց՝ համաճարակի պատճառաւ, ելոյթ ունեցաւ նաեւ ԵԱՀԿի մօտ Սուրբ Աթոռի պետութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար, գերպայածառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր։ Ան իր ելոյթին սկիզբը, ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնները փոխանցելէ ետք, իր ու Սուրբ Աթոռի մտահոգութիւնը յայտնեց ԵԱՀԿ-ի տարածաշրջանէն ներս պաշտամունքի վայրերու, կրօնական կոթողներուն, գերեզմաններու դէմ կատարուած ահաբեկչական յարձակումներուն ինչպէս նաեւ  անհանդուրժողական դրսեւորումներու ու արարքներու գծով, նկատել տալով որ այդ արարքներուն մեծամասնութիւնը տեղի կ՝ունենան՝ երբ հաւատացեալները հաւաքուած են աղօթքի մէջ ։ «Այսպէս կատարելով ըսաւ Գերապայծառ Կալլակեր պաշտամունքի վայրերը՝խաղաղութեան ու համերաշխութեան դրախտները, ոճիրի վայրեր կը դառնան։»

Ունկնդրէ լուրը

Գերապայծառ Կալլակեր ապա նշեց, որ ահաբեկչական յարձակումները տեղի կ՝ունենան յանուն կրօնքին։ Այս առնչութեամբ, ան դարձեալ ընդգծեց Սուրբ Աթոռի դիրքորոշումը, որ է բռնութիւնը չի յառաջանար կրօնքէն, այլ կը յառաջանայ կրօնքի սխալ մեկնաբանութենէն, կրօնքը գաղափարախօսութեան մը վերածելէ։ Բռնութիւնը, հալածանքը եւ սպանութիւնը, որոնք կատարուին յանուն Աստուծոյ կամ  կրօնքի, ծայրայեղականութիւնն է , որ  պէտք է յաղթահարուի բոլորիս կողմէ ու օրինական բոլոր միջոցներով։»ընդգծեց Գերապայծառ Կալլակեր, ապա շեշտեց, որ կրօնական ու դաւանանքի ազատութիւնը տիեզերական մարդկային իրաւունք է, որ պէտք է երաշխաւորուի պաշտամունքի վայրերու  ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեամբ։

Գերպայծառ Կալլակեր ԵԱՀԿ-ի բոլոր պետութիւնները յորդորեց դիմակայել անհանդուրժողութեան դրսեւորումները՝ հրէաներուն, մահմետականներու եւ քրիստոնեաներուն դէմ, ինչպէս նաեւ այլ կրօններու դէմ առանց նախապաշարումներու։ Ան  դարձեալ յիշեցուց,  որ Սուրբ Աթոռը կը քաջալերէ շարունակել գործել խաղաղութեան եւ արդարութեան համար ու հակամարտութիւններու լուծման որպէս միջոց կը զօրակցի երկխօսութեան։

Գերապայծառ Կալլակեր զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Քովիտ 19 համաճարակի տագնապին ու ընկերութենէն ներս պատճառած վնասներուն, որոնք  շարքին թուեց աղքատութեան նոր ձեւերը, տնտեսական տագնապի երկարաձգումը, ընկերային մեկուսացումէն յառաջացած տառապանքները, ինչպէս նաեւ խոցելի անձերու դէմ կատարուած բռնութիւններուն աճը, յատուկէն կանանց դէմ։

Ի վերջոյ Գերպայծառ Կալլակեր յորդորեց ԵԱՀԿ-ի բոլոր պետութիւնները, որ իրենց ի գործ  դրած քաղաքականութիւնները ու միջոցները՝ օգնելու համար կարիքաւորներուն համաճարակի օրերուն, միշտ հիմնուած ըլլան երկու կարեւոր սկզբունքներուն վրայ, բոլորին ներառումը ու  մարդկային կեանքի սրբութեան պաշտպանութիւնը։։

Արդարեւ՝ Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը նկատել տուաւ, որ ներկայ ողբալի կացութիւնը կրնայ նաեւ հնարաւորութիւնը մը ըլլալ, որովհետեւ իր մէջ կը պարունակէ հրաւէր մը, որ է մտածել նոր զօրակցութեան անհրաժեշտութեան մասին՝  միտքի եւ սիրտի դարձը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2020, 10:06