Իրաքի քրիստոնեաները։ Իրաքի քրիստոնեաները։ 

Կարդինալ Սանտրին Իրաքի եւ Սուրիոյ մասին. «Երիտասարդներուն տուէք ապագայ»։

«Կարելի չէ կառուցել արդարութեան, խաղաղութեան, ազատութեան եւ մարդկային իրաւունքներու ու կրօնական ազատութեան նոր աշխարհ մը եթէ իրար զիրար չի նկատենք եղբայրներ, անկախ մեր կրօնական ինքնութենէն»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի խօսելով Իրաքի եւ Սուրիոյ կացութեան մասին յոյս յայտնած է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին  2021-ի Մարտին Իրաք կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնը  ըլլայ յոյսի նշան վերակառուցելու համար Միջին Արեւելքի մարդկային ու պատմական հարստութեան խճանկարը։

Կարդինալ Սանտրին եւս ի շարս այլ եկեղեցական բարձրաստիճան պատասխանատուներու իր մասնակցութիւնը բերած էր անցեալ 10 դեկտեմբերին Հերակապով կայացած Իրաքեան եւ Սուրիական մարդասիրական ճգնաժամին հայող հաւաքին.

Խօսելով Նորին Սրբութեան Իրաք կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան մասին Ծիրանաւորը նշեց թէ այդ մէկը մխիթարութեան մեծ ժեստ մը պիտի հանդիսանայ Իրաքի նման պատերազմի թիրախ երկրի մը, յատկապէս այնտեղ ապրող քրիստոնեաներուն համար, որոնք տառապեցան, հալածանքի, մեկուսացումի, գաղթականութեան հետեւանքներու պատճառաւ, նման իրենց հայրենակիցներուն։

«Բոլոր զոհերը միացած են իրենց Աստուծոյ զաւակ ըլլալու յատկութեան մէջ» նշեց Կարդինալ Սանտրի յիշելով թէ Քահանայապետին 2019-ին արտայայտած փափաքը ահա կ՛իրականանայ։ Ան մեծապէս գնահատեց այն Եկեղեցական առաջնորդներն ու հովիւները, որոնք հակառակ ամէն դժուարութիւններուն ու սպառնալիքներուն մնացին իրենց հաւատացեալներու կողքին, հանդիսանալով Բարի Հովիւի տիպարներ, հաստատ մնալով իրենց հաւատքին մէջ նման մեր Նախահայր Աբրահամին։

Արտայայտուելով ապա իսլամական աշխարհի կեցուածքին Քահանայապետի այս ճամբորդութեան նկատմամբ Կարդինալ Սանտրի ընդգծեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապ այնտեղ կը մեկնի իր հետ տանելով հանդիպումի եւ ժպիտի զէնքերը, ընթանալով դէպի կարիքաւորները ու իր հետ ունենալով յատուկ մէջ ինքնաթուղթ « Fratelli tutti » շրջաբերականը եւ Ապու Տապիի մէջ ստորագրուած Եղբայրութեան ու Ընկերային բարեկամութեան փաստաթուղթը։

«Կարելի չէ կառուցել արդարութեան, խաղաղութեան, ազատութեան եւ մարդկային իրաւունքներու ու կրօնական ազատութեան նոր աշխարհ մը եթէ իրար զիրար չի նկատենք եղբայրներ, անկախ մեր կրօնական ինքնութենէն» հաստատեց հուսկ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը ակնարկելով 2019-ին իր Իրաք կատարած ճամբորդութեան փորձառութեան, «ուր, ըսաւ Ան, նոյնիսկ իսլամ ղեկավարները ջերմ ընդունելութիւն վերապահեցին»։

Կարդինալ Սանտրի ակնարկեց ապա Իրաքի եւ Սուրիոյ դէմ գործադրուած պատժամիջոցներուն հաստատելով թէ անոնք չեն օգներ այդ երկիները ու յատկապէս մեծ արգելք են երիտասարդներուն ու անոնց ապագայի երազանքներուն համար։

«Երիտասարդներուն տուէք ապագայ մը» ըսաւ Կարդինալ Սանտրի, դիտել տալով, որ Եկեղեցին այդ ապագայի յոյսը կու տայ Յիսուս Քրիստոսի լոյսով սակայն տեղական ու միջազգային իշխանութիւնները եւս պէտք է երաշխաւորեն այդ մէկը։

Հարցազրոյցի աւարտին Ծիրանաւորը մաղթանք յայտնեց որ Իրաքէն հեռացած քրիստոնեաները կարողանան տուն վերադառնալ ու այնտեղ գտնել պատշաճ պայմաններ արժանավայել կեանք մը պարելու համար ու անոնց առիթ տրուի մասնակից դառնալու երկրին քաղաքական եւ ընկերային կեանքին, հիմնուելով Քրիստոնէական ու Աւետարանական սկզբունքներուն վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2020, 12:03