Ֆրանչիսկոս Պապ Թոքիոյի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Թոքիոյի մէջ 

Թոքիոյի մէջ դասախօսութիւն նուիրուած ֆրանչիսկոս Պապին Ճափոն կատարած այցելութեան առաջին տարեդարձին։

Առցանց ելոյթ ունեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի գաղթականներու եւ փախստականներու բաժանմունքի ենթաքարտուղար, Կարդինալ Միքաէլ Չզերնի։ 

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ճափոն կատարած առաքելական այցելութեան առաջին տարեդարձին առիթով, ուրբաթ 27 նոյեմբերին, Թոքիոյի Յիսուսեան միաբանութեան Սոֆիա համալսարանէն տեղի կ՝ունենայ  դասախօսութիւն համագործակցութեամբ Սուրբ Իգնատիոսի երիտասարդական միջազգային հովուական ծառայութեան եւ Յիսուսեան ընկերային կեդրոնի կազմակերպութիւններուն։

Ունկնդրէ լուրը

Դասախօսութեան արծարծուած  նիւթերն են Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը, յատուկէն  «պաշտպանել ամբողջ կեանք»ը, քովիտ 19 համաճարակի օրերուն աշխարհի դիմագրաւած մարտահրաւէրը։   

Դասախօսութեան առցանց ելոթ ունեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի գաղթականներու եւ փախստականներու բաժանմունքի ենթաքարտուղար Կարդինալ Միքաէլ Չզերնի ։ Ծիրանաւորին ելոյթին նիւթը եղաւ « Քովիտ 19-ի ժամանակը, գաղթականներ եւ փախստականներ եւ նոր սերունդներուն պատասխաններ։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2020, 13:06