Մաքարիկ Մաքարիկ 

Սուրբ Աթոռի տեղեկագիրը երբեմնի ծիրանաւոր Մաքարիկի վերաբերեալ։ «Ցաւալի էջ մը որմէ դաս քաղեց եկեղեցին»։

Սուրբ Աթոռի զեկոյցին մէջ նշուած է ,որ Մաքարիկի պարագան, եկեղեցւոյ համար ցաւալի էջ մըն է, որմէ եկեղեցին դաս քաղեց։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 10 նոյեմբերին, Սուրբ Աթոռը ներկայացուց, երբեմնի կարդինալ Թեոտոր Էտկար Մաքարիկի պաշտօնական իրազեկութեան եւ վճռական որոշումներու գործընթացին  հայող զեկոյցը, պատրաստուած Ֆրանչիսկոս  պապին խնդրանքին վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Զեկոյցը արդիւնքն է երկու տարուայ աշխատանքներուն, որ պատրաստուած է կարդինալ Մաքարիկին  սեռային շահագործումի մեղադրանքի հարցը մանրամասնօրէն քննարկելու Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին խնդրանքին վրայ։

Սուրբ Աթոռին զեկոյցին մէջ ի յայտ եկած են կարգ մը կէտեր։ Առաջինը կը  հայի գործուած սխալներուն, որոնք թոյլ տուին, որ այդպիսի ոճիրներուն պատասխանատու անձ մը հասնի եւ ստանձնէ բարձր պաշտօններ՝ նուիրապետութենէն ներս, սխալներ, որոնք եկեղեցին առաջնորդեցին նոր միջոցառումներ ու օրէնքներ որդեգրելու, որպէսզի այդպիսի իրադարարձութիւններ երբեք չրկնուին պատմութեան մէջ։

Երկրորդ կէտը կը հայի, մինեւ 2017 թուական ,ՄաՔարիկի կողմէ կատարուած սեռային բռնութեան վերաբերեալ մասնրամասն մեղադրանքներուն բացակայութեան։

Մաքարիկի դէմ առաջին մեղադրանքը առաջադրուած է երեք տարի առաջ, որ անմիջապէս հանգեցուց կանոնական դատավարութեան անյապաղ բացման, որ աւարտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի երկու հետագայ որոշումներով, նախ Մաքարիկը հեռացուց կարդինալական ապա կղերի դասէն։ ։
 
Սուրբ Աթոռի զեկոյցին մէջ նշուած է ,որ Մաքարիկի պարագան, եկեղեցւոյ համար ցաւալի էջ մըն է, որմէ եկեղեցին դաս քաղեց։

Ֆրանչիսկոս Պապ 2019ին, գումարուած մանուկներու պաշտպանութեան հայող վեհաժողովէն ետք, Մաքարիկի իրադարձութեան լոյսին ներքոյ անմիջապէս որդեգրեց կարգ մը միջոցառումներ, որոնց շարքին, սեռային բռնութեան դէպքերու պարագային Քահանայապետական գաղտնիքի անկումը։

Սուրբ Աթոռի հրապարակած զեկոյցի առնչութեամբ ,Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին յայտարարութեան մը մէջ նշեց, թէ եկեղեցւոյ այդ ցաւին կ՝ընկերանայ յոյսի հայեացքը , եւ որպէսզի այդպիսի երեւոյթները չկրկնուին, արդիւնաւէտ օրէնքներու զուգահեռեր, կարիքը կայ սիրտի դարձի։

Կարիքը կայ աւետարանը հռչակող հաւատաւոր հովիւներուն ու բոլորիս գիտակցութեան, թէ այդ մէկը կարելի է լոկ սուրբ հոգիին շնորհքով ու վստահելով Յիսուսի խօսքին «առանց ինծի չէք կրնար բան մը ընել։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/11/2020, 13:28