«Ամէն մէկ տարեց քու պապիկդ է». Սուրբ Ծննդեան առթիւ յատուկ ձեռնարկ։ «Ամէն մէկ տարեց քու պապիկդ է». Սուրբ Ծննդեան առթիւ յատուկ ձեռնարկ։ 

«Ամէն մէկ տարեց քու պապիկդ է - Իմաստութեան պարգեւ» Սուրբ Ծննդեան առթիւ յատուկ ձեռնարկ։

Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Ժողովը հրաւէր կ՛ուղղէ աշխարհի բոլոր երիտասարդներուն խօսքի առիթ ընծայելու տարեցներուն, որպէսզի անոնցմէ ընդունին իմաստութեան նուէր մը #aGiftOfWisdom։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ ընկալենք իմաստութեան պարգեւ մը, խօսքը տանք  տարեցներուն։ Սուրբ ծննդեան տօնը մօտալուտ է եւ Յիսուս դարձեալ պիտի ծնի մեր ընտանիքներուն մէջ եւ այս տարի մեր ապրած յատուկ մթնոլորտին մէջ ծննդեան տօնը կարելի է դարձնել առիթ՝ ընկալելու համար իւրայատուկ նուէր մը։ Համաճարակի պատճառաւ շատ են արդարեւ այն տարեցները, որոնք կ՛ապրին մենակութեան մէջ եւ կարելի է անոնցմէ իւրաքանչիւրին հետ պահել կապ մը վերագտնելու համար գանձ մը»։ Այս է Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Ժողովին հրապարակած հաղորդագրութեան պարունակութիւնը, որով այս տարի եւս հրաւէր կ՛ուղղուի երիտասարդներուն յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու տարեցներուն, պապիկ մամիկներուն։

«Սիրելի երիտասարդներ, գրած էր Ֆրանչիսկոս Պապը ԵՀՕ 32-րդ փուլին առթիւ, դուք կարիքը ունիք տարեցներու իմաստութեան եւ տեսլականին….անոնք ձեզի պիտի փոխանցեն այնպիսի բաներ, որոնք պիտի ոգեւորեն ձեր միտքը եւ պիտի շարժեն ձեր սրտերը»։ Ասկէ մեկնելով եւ ի տես «Ամէն մէկ տարեց քու պապիկդ է» ձեռնարկի յաջողութեան, Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Ժողովը հրաւէր կ՛ուղղէ աշխարհի բոլոր երիտասարդներուն խօսքի առիթ ընծայելու տարեցներուն, որպէսզի անոնցմէ ընդունին իմաստութեան նուէր մը #aGiftOfWisdom։

Համաճարակով յատկանշուած ծննդեան մթնոլորտի մէջ աշխարհի երիտասարդներուն կ՛առաջարկուի ընկերային ցանցերու վրայ տարածել տարեցներէն իրենց փոխանցուած յիշատակ մը, խորհուրդ մը, կամ պատգամ մը ու նաեւ անոնց հետ կայացած զրոյց մը կամ հանդիպում մը…

Վերոնշեալ ձեռնարկին մասնակցելու համար հարկաւոր է օգտագործել #aGiftOfWisdom հաշդակը։

Ամենանշանակալից գրառումները պիտի տեղադրուին ու տարածուին Աշխարհականներու, Ընտանիքի և Կեանքի @laityfamilylife Ժողովի ընկերային ցաներուն միջոցաւ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2020, 11:38