Չինաստանի մէջ կաթողիկէ հաւատացեալներ։ Չինաստանի մէջ կաթողիկէ հաւատացեալներ։ 

Չինաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ կնքուած ժամանակաւոր համաձայնագիրի շուքին ներքոյ նոր եպիսկոպոսի անուանում։

Գերապայծառ Շեմ Թիանհաօ Չինաստանի երրորդ եպիսկոպոսը։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի միջեւ կնքուած ժամանակաւոր համաձայնագիրը արդեն արդիւնաբեր դարձած է ։ 2018,ին կնքուած համաձայնագիրէն ի վեր Չինաստանը կ՝ունենայ իր երրորդը եպիսկոպոսը, նշանակուած  եւ օծուած  Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետ հաղորդութեան մէջ։   Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն, տիար Մաթէօ Պրունի հաստատելով, որ Գերապայծառ Շեմ Թիանհաօ երրորդ եպիսկոպոսն է որ  նշանակուած եւ օծուած է  Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի Ժողովրդական հանրապետութեան միջեւ  եպիսկոպոսներուն անուանումի հայող կնքուած համաձայնագիրին շրջագիծէն ներս։

Տիար Պրունի լրագրողներու հարցումներու պատասխանելով հաստատեց, թէ նախատեսուած  են այլ եպիսկոպոսներու օծում, որովհետեւ ընթացքի մէջ  եպիսկոպոսական նշանակումներու տարբեր գործընթացներ։

Ան դարձեալ յիշեցուց որր ժամանակաւոր համաձայնագիրը,վերանորոգուած երկու տարուան ժամկէտով, անմիջականօրէն  չի հայիր Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի միջեւ դիւանագիտական կապերուն այլ  Համաձայնագիրը ամբողջութեամբ կը հայի եպիսկոպոսներուն անուանումին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2020, 12:23