Գերապայծառ Փոլ Կալլակեր Գերապայծառ Փոլ Կալլակեր 

Գերապայածառ Կալլակեր «Վատիկանի դիւանագիտութիւնը կը գործէ դիւրացնելու համար ազգերու միջեւ խաղաղութիւնը։»

Սուրբ Աթոռին պարտականութիւնն է գործել դիւրացնելու համար ազգերու միջեւ համակեցութիւնը, խթանելու համար ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի եւ Փերույի միջեւ դիւանագիտական համաձայնութեան կնքման 40-րդ տարեդարձին առթիւ ուղերձ յղեց Սուրբ Աթոռի այլ երկիրներուն հետ յարաբերութեան քարտուղար, գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր։
Ուղերձին մէջ գերապայծառ Կալլակեր խօսքը կեդրոնացուց  աշխարհի խաղաղութեան ի նպաստ, Սուրբ Աթոռի որդեգրած դիւանագիտութեան վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Ան նշեց, թէ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութիւնը չի բաւարարուիր միայն դիտարկելով իրադարձութիւնները, կամ ալ գնահատելով անոնց արժէքը, ոչ ալ կրնայ տեսակ մը խղճի քննադատական ձայն մնալ։ Ըսաւ գերապայծառ Կալլակեր նկատել տալով, որ Սուրբ Աթոռին պարտականութիւնն է գործել դիւրացնելու համար ազգերու միջեւ համակեցութիւնը, խթանելու համար ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութիւնը, ուր եղբայրութեան եզրը խորհրդանիշ է արդիւնաւէտ գործակցութեան, խորհրդանիշ է զօրակցութեան՝կառուցուած հասարակաց եւ անհատներուն բարիքին ի նպաստ։

Գերապայծառ Կալլակեր ապա ընդգծեց, թէ  Ֆրանչիսկոս Պապն է, որ Սուրբ Աթոռէն կը խնդրէ, գործել միջազգային գետնի վրայ, ոչ թէ երաշխաւորելու համար ընդհանուր անվտանգութիւնը, որ միշտ աւելի դժուար դարձած է   հակամարտութեամբ բնորոշուած  ներկայ կացութեան մէջ,  այլ զօրակցելու խաղաղութեան գաղափարին, իբրեւ արդար յարաբերութիւններու պտուղ,  այսինքն՝ միջազգային օրէնքներուն յարգանք, մարդկային հիմնական իրաւունքներուն պաշտպանութիւն, սկսելով խոցելիներէն, վերջիններէն։  

Այնուհետեւ Գերապայծառ Կալլակեր աւելցուց, որ յստակ է Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական գործառոյթը՝ հասկցուած իբրեւ հաղաորդութեան միջոց, որ կը միացնէ Քահանայապետը եպիսկոպոսներու եւ համապատասխան տեղական եկեղեցիներուն, նաեւ իւրայատուկ ուղին է, որուն միջոցաւ Քահանայապետը կարող է շօշափելի կերպով հասնիլ մարդկութեան հոգեւոր եւ նիւթական արուարձանները։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/11/2020, 09:52