Ինտու հաւատացեալներ Ինտու հաւատացեալներ 

Միջ կրօնական Քահանայապետական խորհուրդի պատգամը Ինտուներու Տիվալի` Լոյսի տօնին առթիւ։

Ապագայի նկատմամբ դրական յոյսը հիմնուած է այն համոզմունքինն վրայ, որ Աստուած մեզ ստեղծեց ու մեզի կ՝աջակցի ու երբեք մինակ պիտի չթողու։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քահանայապետական միջ-կրօնական խորհուրդը պատգամ մը յղեց, Ինտուներու Տիվալի տօնի առիթով, որ այս տարի կը նշուի յառաջիկայ 14 նոյեմբերին։

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին մէջ միջ-կրօնական խորհուրդը մաղթանք յայտնած է, որ Քովիտ 19 համաճարակի դժուար օրերուն,  Տիվալի այս տարուան տօնակատարութիւնը փարատէ մարդոց վախերը, անձկութիւնները ու սիրտերն  եւ միտքերը համակէ բարեկամութեան, առատաձեռնութեան ու զօրակցութեան լոյսով։

Քահանայապետական միջ-կրօնական երկխօսութեան խորհուրդը քաջալերած է լաւատես ըլլալու ու դրական հոգի ունենալու ՝ ապագային նկատմամբ նոյնիսկ եթէ կը գտնուինք ընկերային, քաղաքական եւ հոգեւոր ակնյայտ անյաղթահարելի խոչընդոտներու դիմաց։

Պատգամին մէջ նշուած է, որ ապագայի նկատմամբ այդ դրական յոյսը հիմնուած է այն համոզմունքին վրայ, թէ Աստաուծ մեզ ստեղծեց ու մեզի կ՝աջակցի ու երբեք մեզ չլքեր։

Քահանայապետական միջ-կրօնական խորհուրդի նախագահը անդրադարձած է համաճարակի համաշխարհային տագնապին դրական կէտերուն, որոնց շարքին թուած է մտածելակերպի եւ ապրելակերպի փոփոխութիւնները, հակառակ համաճարակէն յառաջացած  աննախադէպ բազմաթիւ դժուարութիւններ, ինչպէս նախազգուշացման մեկուսացումի դրութիւնը, որ խանգարած  է բնականոն կեանքը։

Տառապանքի փորձառութիւնները եւ փոխ պատասխանատուութեան իմաստը խթան եղած են հասարակութիւններու միութեան՝ աջակցութեան եւ զօրակցութեան գործերով,ուղղուած տառապողներուն եւ կարիքաւորներուն ։

Այդ զօրակցութեան նշաններուն միջոցաւ բարձր գնահատուած են համակեցութեան անհրաժեշտութիւնը ու փոխ օգնութեան կարիքը, բոլորին բարեկեցութեան ու հասարակաց բարիքին ի սպաս։

Միջ կրօնական երկխօսութեան խորհուրդի նախագահը պատգամին մէջ մէջբերած է ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը, «աջակցութիւնը, ընթանալիք ուղին է դէպի յետ համաճարակային աշխարհ, դէպի միջ անձնային ու ընկերային հիւանդութիւններուն ապաքինում . համաճարակի տագնապէն դուրս գալու համար լաւագոյն ուղին։


Քահանայապետական միջ կրօնական խորհուրդը պատգամը աւարտած է մաղթելով որ Քրիստոնեաներն ու Ինտուները, բարի կամք ունեցող անձերը կարենան դրական մշակոյթ կառուցել եւ հասարակութեան սիրտին մէջ յոյս ներշնչել, ոչ միայն այս դժուար օրերուն, այլեւ ապագային մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2020, 10:51