Գերապայծառ Եանուս Ուրպանչիք Գերապայծառ Եանուս Ուրպանչիք 

Գերապայծառ Ուրպանչիք. «յարգել կրօնական ազատութիւնը Քովիտ 19-ի ժամանակ։

Որոշ հասարակութիւններուն մէջ կրօնքը կը շարունակուի ընկալուիլ իբրեւ անհանդուրժողականութեան աղբիւր, քան ընկերային համերաշխութիւն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

11 նոյեմբերին, ԵԱՀԿի մօտ Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչ, գերապայծառ Եանուս Ուրպանչիք, ԵԱՀԿԻ, «կրօնական ազատութիւն, դաւանանք. թուային արհեստավարժութիւններու եւ քաղաքացիական  հասարակութեան ղեկավարներուն  դերակատարութիւնը,  մարդկային այդ իրաւունքի զարգացման մէջ» նիւթով 3-րդ  նստաշրջանի մանակից  անդամներուն յորդորեց երաշխաւորելու կրօնական ազատութեան լիակատար յարգանքը, ապա ընդգծեց քովիտ 19-ի դէմ պայքարելու համար պետութիւններու կողմէ ձեռնարկուած միջոցառումներուն ծանր հետեւանքները,  կրօնական հասարակութիւններու վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը վերահաստատեց որ հաւատքը կը նպաստէ, ըլլայ անհատներուն, ըլլայ հասարակութիւններուն, ըլլայ կարծիքի ազատութեան յարգանքին, ինչպէս նաեւ անհատական եւ ընկերային, Պետական  արդարադատութեան, որ կը նպաստէ քաղաքացիներուն եւ պետութիւններուն միջեւ արդար յարաբերութեան։
Արդարեւ, նշած է Գերապայծառ Ուրպանչիք, որոշ հասարակութիւններուն մէջ կրօնքը կը շարունակուի ընկալուիլ իբրեւ անհանդուրժողականութեան աղբիւր, քան ընկերային համերաշխութիւն մը ,  իրավիճակ մը որ կը սատարէ կրօններու եւ հաւատացեալներուն հանդէպ բացասական եւ վտանգաւոր վերաբերմունք  ունենալու ստեղծման , վնասելով համայն  հասարակութիւններու եւ անձերու բարեկեցութիւնը։

Գերապայծառ Ուրպանչիք նշեց թէ Սուրբ Աթոռին համար,  ԵԱՀԿԻ անդամ բոլոր պետութիւնները պէտք են մերժել այսպէս ըսուած կրօնքի ազատութեան կամ դաւանանքի նկատմամբ նուաստացողական մօտեցումը որ կը ձգտի սեփականացնել կրօնները։ Այդ նուաստացումի կեցուածքի  կը բացայայտէ ոչ միայն  կրօնքի կամ կրօնական ազատութեան իսկական իմաստը գնահատելու անկարողութիւնը, այլեւ կրօնքի օրինական դերը հասարակական ասպարէզէն ներս։

Վերջապէս գերապայծառ Ուրպանչիք կոչ ըրաւ, աւելի շատ ուշադրութիւն դարձնելու պետութիւններուն կողմէ ձեռնարկուած միջոցառումներուն հետեւանքներուն ընդգծելով, որ կրօնները հրամայական դեր ունին  տագնապի լուծման մէջ, ոչ միայն շնորհիւ անոնց աջակցական  գործունէութիւններուն՝ առողջապահական մարզէ ներս այլեւ  բարոյական, զօրակցակացան եւ յոյսի պատգամներուն շնորհիւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2020, 12:47