Ձկնորսներու միջազգային օր Ձկնորսներու միջազգային օր 

Ձկնորսութեան միջազգային օր։Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի պատգամը։

Կարդինալ Թուրքսոն յիշեց 18 ձկնորսները, որոնք անցեալ 2 սեպտեմբերէն ազատազրկուած են ու կը գտնուին Լիպիոյ մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ձկնորսութեան միջազգային օրուան առթիւ ինչպէս ամէն տարի, սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովը այս տարի եւս հրապարակեց պատգամ մը  կարդինալ Թուրքսոնի ստորագրութեամբ։
Պատգամին սկիզբը կարինալ Թուրսքոն ընդգծած  է ձկնորսութեան միջազգային օրուան կարեւորութիւնը, դիտել տալով  որ ձկնորսութեան ճարտարարուեստի ծիրէն ներս կը գործեն շուրջ 59,5 միլոն անձ, որուն մեծամասնութիւնը Ասիական ցամաքամասէն են ։

Ունկնդրէ լուրը

Ան ապա նկատել տալով,որ Միջազգային ձկնորսութեան տօնը այս տարի կը զուգադիպի յատուկ ժամանակամիջոցին,ակնարկած է Քովիտ 19ի հարցերուն նշելով համաճարակը արագութեամբ կը տարածուի համայն  աշխարհի մէջ  պատճառելով տնտեսական ծանր տագնապներ։ Կարդինալ Թուրքսոն  ապա շեշտը կը դնէ երեք կէտերու վրայ

Ձկնորսութեան ճարտարարուեստն ու Քովիտ 19, ձկնորսութեան ճարտարարուեստին մարտահրաւէրները, ձկնորսներուն իրավիճակը եւ Քովիտ 19, վերջապէս Եկեղեցւոյ ձայնը։
Ձկնորսներու իրավիճակը. քովիտ 19 ժահրի տարածման կանխարգիլման միջոցառումներուն պատճառաւ, ծանր հետեւանքներ արձանագրուած են  ձկնորսութեան ճարտարարուեստին ոլորտէն ներս։ Մեծ անկում արձանագրուած է ձուկի վաճառականութեան մէջ, տրուած ըլլալով որ պանդոկներ ու ճաշարանները փակը են։ Կարդինալ Թուրքսոն թուած է նաեւ  անօրինական  ձկնորսութիւնը։

Ձկնորսներու իրավիճակը։ Ձկնորսներու ներկայ աշխատանքային  իրավիճակը ու անոնց անվտանգութիւնը ծովու մէջ ամբողջութեամբ կախեալ է   համաճարակէն, որովհետեւ,  շատ մը  նաւահանգիստներ  փակ  են եւ անձնակազմի փոփոխութեան  հնարաւորութիւնները  քիչ են։  
Կան բազմաթիւ ձկնորսներ ՝վարակուած Քորոնայ ժահրով , եւ որոնք անմիջական խնամքի պէտք ունին , շատեր  անոնցմէ  մահացած ու թաղուած են ծովու մէջ,  անոնց ընկերներուն ձեռքով։
կարդինալ Թուրքսոն անդրադարձաւ նաեւ գաղթական ձկնորսներու հարցին որոնցմէ շատեր անգործ են  եւ  որպէսզի կարենան իրենց ընտանիքներուն ծախսերը հոգալ թիրախ են  մարդավաճարութեան։ Շատ մը գաղթականներ   շահագործուած են  մեծ գործակալութիւններուն կողմէ ։

Կարդինալ Թուրքսոն կը հրաւիրէ առ աւելիով զօրակցելու մեկուսացեալներուն ինչպէս ֆրանչիսկոս Պապա կը  Fratelli Tutti  շրջաբերականին մէջ նշած է որ  Շօշափելի զօրակցութիւնը  կ՝արտայայտուի ծառայութեան մէջ։ Ծառայութիւնը մեծ մասամբ կը կայանայ տկարին խնամք տանելու մէջ։

Ան կը քաջալերէ բացագանչելու ու խնդրելու կառավարութիւններէն որ վերանորոգեն իրենց ջանքերը, որդեգրելու օրէնքներ բարելաւելու համար ձկնորսներուն ու անոնց ընտանիքներու կեանքը , եւ պայքարիլ մարդավաճառութեան դէմ։

Կարդինալ Թուրքսոն պատգամին մէջ յիշելով  դժուարութեան մէջ գտնուող ձկնորսներ, յատուկէն կը յիշէ  տարբեր ազգութիւն ունեցող 18 ձկնորսները որոնք  անցեալ 2 սեպտեմբերէն ազատազրկուած եւ պահուած են Լիպիոյ մէջ։ առանց ոչ մէկ կապ ունենալու իրենց հարազատներուն հետ։ Ան կոչ ուղղեց պետութիւններուն եւ իշխանութիւններուն որպէսզի վայրկեան մը առաջ երկխօսութեան միջոցաւ լուծուի ազատազրկուած ձկնորսներուն հարցը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2020, 11:47