Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր 

Կրօնի ազատութիւնը համաճարակի օրերուն։

Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրի ելոյթը կրօնի ազատութեան խթանումին յատկացուած "Ministerial to Advance Religious Freedom" վեհաժողովին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կ՛ուզէի  առանձնացնել և մեկնաբանել շարք մը տագնապալի իրավիճակներ, որոնք կասկածի տակ կը դնեն  կրօնի ազատութիւնը»: Այս  խօսքերով է որ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր սկիզբ տուաւ անցեալ 16 նոյեմբերին կայացած եւ կրօնի ազատութեան յատկացուած “Ministerial to Advance Freedom of Religion or Belief” տարեկան վեհաժողովի ընթացքին ներկայացուցած իր ելոյթին

Վատիկանի ներկայացուցիչը վերլուծելով Քովիտ19 համաճարակի յառաջացուցած առողջապահական տագնապը նկատել տուաւ՝ թէ անոր կանխարգիլման համար որդեգրուած միջոցառումները, զոր պէտք է յարգուին, կը սահմանափակեն նաեւ կրօնական գործունէութիւնը ու անդրադառնալով  յատկապէս Կաթողիկէներուն Ան նշեց՝ թէ «խորհուրդներուն մատակարարում»ը եւ անոնց մօտենալը հիմնական ծառայութիւն մըն է զոր կարելի չէ նկատի չ՛առնել։

Գերապայծառ Կալլակէր ակնարկեց նաեւ ծայրայեղական խմբակներու յարձակումներուն եւ «փոփուլիզմի» աճումին որ յաճախ կը դառնայ ազգայնամոլութիւն, որոնք վտանգի տակ կը դնեն կրօնի ազատութիւնը

Վատիկանի դիւանագէտը շեշտեց միջ կրօնական եւ միջ մշակութային երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը՝ որպէս ուղի խթանելու իրար հասկացողութիւն եւ իրար յարգանքը։ «Միայն անկեղծ եւ իսկական երկխօսութեամբ է, որ կարելի է սատարել եղբայրութեան եւ  ընկերային բարեկամութեան կառուցումին, որոնք հիմնական են խաղաղ համակեցութեան համար մեր բազմատեսակ ընկերութիւններուն մէջ» ըսաւ Գերապայծառ Կալլակէր, որ յղում կատարեց նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին «Fratelli tutt» վերջին շրջաբերականին  ու մէջբերեց Քահանայապետի խօսքերը «Որպէս քրիստոնեաներ, կը պահանջենք, այն երկիրներուն մէջ ուր փոքրամասնութիւն ենք, որ երաշխաւորուի ազատութիւնը, այնպէս ինչպէս մենք զայն կ՛երաշխաւորենք բոլոր անոնց, որոնք քրիստոնեայ չեն եւ փոքրամասնութիւններ են։ Կայ մարդկային հիմնարար իրաւունք մը,  որ պէտք չէ մոռցուի եղբայրութեան եւ խաղաղութեան ուղեւորութեան ընթացքին՝ կրօնի ազատութեան իրաւունքը, բոլոր կրօններու հաւատացեալներուն համար »(FT, 279)։

«Հիանալի պիտի ըլլար եթէ այլ կրօնական ղեկավարներ կարողանային արտասանել այս նոյն խօսքերը» ըսաւ Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը այդ մէկը նկատելով «նկատի առնուելիք հետաքրքրիր մօտեցում«։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2020, 08:46