Վատիկանի թանգարանները Վատիկանի թանգարանները 

Հանրութեան առջեւ դարձեալ պիտի փակուին Վատիկանի թանգարաններն ու պեղումներու գրասենեակը։ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի յայտարարութիւնը։

Վատիկանի թանգարանները փակ պիտի մնան մինչեւ 3 դեկտեմբեր 2020

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 4 նոյեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց ,թէ Քովիտ 19ին պատճառաւ, եւ որպէս նախազգուշական միջոց Վատիկանի թանգարանները հանրութեան առջեւ փակ պիտի մնան 5 նոյեմբերէն մինչեւ 3 դեկտեմբեր 2020։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է.

«Իտալիոյ քաղաքական իշխանութիւններուն կողմէ ձեռնարկուած միջոցառումներու կարգաւորումով, առողջապահական կացութիւնը դիմագրաւելու համար , ուրբաթ , 5 նոյեմբերէն մինչեւ 3 դեկտեմբեր որպէս նախազգուշական միջոց հանրութեան առջեւ փակ պիտի մնան Վատիկանի Թանգարանները, Քահանայապետական պալատներու թանգարաններն ու  պեղումներու գրասենեակը։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2020, 12:39