Հնդկաստանի մէջ աղքատ հասարակութիւն Հնդկաստանի մէջ աղքատ հասարակութիւն 

Միջազգային Քարիթասը. «Աղքատները քրիստոնէական վկայութեան մարտահրաւէր»։

Աղքատները մեզի համար հրաւէր են, մեր սիրտերը բանալու եւ մեր նեղ ու աշխարհական տեսլականը ընդլայնելու Քրիստոսը տեսնելու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ կիրակի օր կը նշուի «Ձեռքդ երկարէ աղքատին» կարգախօսով, աղքատներու համաշխարհային օրը։ Այս առթիւ պատգամ մը յղեց նաեւ Միջազգային Քաիրթասի կազմակերպութեան եկեղեցական օգնական գերապայածառ Չիպամպօ։  Ան պատգամին մէջ նկատել կու տայ, որ աղքատներուն երկարած մեր ձեռքը ոչ միայն ձեռք մըն է որ գիտէ բաշխել, այլեւ օգնութեան կարօտը ունեցող ձեռք մըն է ։

Ունկնդրէ լուրը

Գերապայծառը նկատել կու տայ , որ բոլորս աղքատներուն կարիքը ունինք այնքան ինչքան անոնք մեր կարիքը ունին։ Աղքատները մեզի համար հրաւէր են, մեր սիրտերը բանալու եւ մեր նեղ ու աշխարհական տեսլականը ընդլայնելու Քրիստոսը տեսնելու համար։ Նշած է 

Միջազգային քարիթասի հոգեւոր օգնականը ան ապա ակնարկելով «ձեռքդ երկարէ աղքատին» աղքատներուն համաշխարհյին օրուան կարգախօսին,նկատել կու տայ թէ ան  համապատասխան հրաւէր է բոլորիս, տարուայ մը մէջ, ուր բոլորս կղզիացած ենք աշխահէն՝ համաճարակէն պաշտպանուելու համար։ Սակայն նշած է գերապայծառ Չիպամպօ, որ Քարիթասը, ցոյց կու տայ , թէ սէրը չկրնար ինքնիր մէջ փակուիլ ոչ ալ կրնայ մերժուիլ աղքատներուն, դիւրաբեկներուն, յատուկէն ժամանակահատուածի մը ուր անոնք յոյժ սիրոյ կարիքը ունին։

Գերապայծառ Չիպամպօ պատգամին մէջ կ՝ընդգծէ նաեւ տարբեր քահանայապետերուն կողմէ շեշտուած այն իրողութիւնը որ Քարիթասը կը գտնուի եկեղեցւոյ կեդրոնը, ու աղքատներուն համաշխարհային օրը, պահ մըն է յիշելու ու ամրապնդելու,  աղքատները կեդրոն նկատելու , անոնց օգնելու ու ունկնդրելու նուիրուածութիւնը։  

«Մեր առաքելութիւն է ապահովուել որ աղքատութեան մէջ ապրող անձերը գործօն մաս կազմեն նեռարական ու հաւասար ընկերութեան կերտման մէջ։ Նշած է Միջազգայի Քարիթասի հոգեւոր օգնական, ան աւարտած է իր պատգամը դիել տալով որ աղքատներուն համաշխարհային օր ծրագիր կոչուած է Աղքատներու համաշխարհային օր եւ ոչ թէ աղքատներուն համար օր , որովհետեւ դա չնշանակեր լոկ   կիսել աղքատներուն հետ մեր հարստութենէն բաժին մը այլ կը նշանակէ աղքատներէն ստանալ բան մը։ Իսկական քրիստոնեայ հասարակութեան մը մէջ, գոյութիւն չունին անդամներ որոնք կու տան եւ անդամներ որոնք կը ստանան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2020, 09:55