Մայք Փոմփէօ եւ Կարդինալ Փարոլին Մայք Փոմփէօ եւ Կարդինալ Փարոլին 

Մայք Փոմփէօ Վատիկանի մէջ զրուցեց Փարոլինի եւ Կալլակէրի հետ։

ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատուի հանդիպումը Վատիկանի Պետական Քարտուղարի եւ Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարի հետ։ Խօսուեցաւ Չինաստանի մասին եւ աշխարհը արիւնող հակամարտութիւններու մասին։

Վատիկան Նիուզ

45 վայրկեան տեւող զրոյց մը, յարգանքի եւ մտերիմ մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին կարելի եղաւ ներկայացնել Չինաստանի մասին համապատասխան դիրքորոշումները ու խօսիլ աշխարհը արիւնող հակամարտութիւններու մասին։

Ունկնդրէ լուրը

ԱՄՆ-ի Պետական Քարտուղար Փոմփէօ Վատիկան ժամանեց հինգշաբթի մէկ հոկտեմբերի առաւօտեան հանդիպում ունենալու համար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի եւ իր պաշտօնակից գերապայծառ Կալլակէրի հետ՝ Սուրբ Աթոռի արտգործ նախարարը։ 

Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Մաթթէօ Պրունի ըսաւ. «Այս առաւօտեան կայացած զրոյցներու ընթացքին, ընդմէջ Միացեալ Նահանգներու Պետական Քարտուղար Մայքըլ Փոմփէոյի եւ Նորին Սրբութեան Պետական Քարտուղար Ծիրանաւոր Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը՝ գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր, կողմերը ներկայացուցին իրենց համապատասխան դիրքորոշումները՝ հայող Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններուն, յարգանքի, մտերմութեան եւ անդորր մթնոլորտի մէջ։ Խօսուեցաւ նաեւ հակամարտութեան ու տագնապի մի քանի տարածաշրջաններու մասին. Յատկապէս Կովկասի, Միջին Արեւելքի եւ Արեւելեան միջերկրականի մասին։ Հանդիպումը տեւեց 45 վայրկեան։

Ինչպէս յայտնէ է, վերջին շաբաթներու ընթացքին Պետական Քարտուղար Փոմփէոյի մի քանի յայտարարութիւնները, որոնք հակառակ են երկու տարի առաջ ստորագրուած Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան միջեւ ժամանակաւոր համաձայնագիրին, վէճեր յարուցեցին լրատուական միջոցներուն մէջ։ Սուրբ Աթոռը, ինչպէս յաճախակի կրկնեց Կարդինալ Փարոլինը, միտք ունի առաջարկել համաձայնագրի վերանորոգումը, միշտ ժամանակաւոր եղանակով, ընդգծելով անոր հովուական բնոյթը, որուն նպատակն է այնպէս ընել որ չինացի եպիսկոպոսները լիարժէք հաղորդութեան մէջ ըլլան Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2020, 14:55