Վատիկան Քաղաքը Վատիկան Քաղաքը 

Վատիկանի մէջ առաջին դատական նիստը Սուրբ Պիոս Ժ փոքր նորընծայարանէն ներս, ենթադրեալ սեռային չարաշահումներուն հայող։

Դատական նիստը սկիզբ առած է առաւօտեան ժամը 9,15ին, մեղադրանքներու ընթերցումով ապա նիստը յետաձգուած է հոկտեմբեր 27ին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 14,ին Վատիկան քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Պիոս Ժ անուան փոքր նորընծայարանի երբեմնի մեծաւոր Հայր Կապրիելէ  Մարթիննելիի եւ Հայր Էնրիքօ Ռատիչէի սեռային չարաշահումի  յանցագործութեան հայող  առաջին դատական նիստը։

 

Հայր Կապրիելէ Մարթիննելիի մեղադրուած է սեռային չարաշահումի յանցանքով՝ գործադրուած նորընծայարանէն ներս 2017 եւ 2012 թուկաններուն։ Մինչ՝ հայր Ռատիչէն մեղադրուած է դատական հետազօտութիւնները խեղաթիւրելու յանցանքով։

Դատական նիստը սկիզբ  առած է առաւօտեան ժամը 9,15ին, մեղադրանքներու ընթերցումով ապա նիստը  յետաձգուած է հոկտեմբեր 27ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2020, 15:42