Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

«Կրօնական ազատութեան պաշտպանութիւնը վատիկանի դիւանագիտութեան բնորոշիչ նշանն է». Կարդինալ Փարոլին։

Յարմար չէ Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի միջեւ կնքուած համաձայնագիրը օգտագործել Միացեալ Նահանգներու ներքին ընտրական նպատակներու համար» հաստատեց Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանատան նախաձեռնութեամբ 30 սեպտեմբերինն հռոմի մէջ կայացաւ կրօնի ազատութեան նուիրուած ուսումնաժողով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մայքըլ Փոմփէօ եւ Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու վատիկանի քարտուղար՝ գերապայծառ Ռիչարտ Կալլակէր։ 

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի անունով ներկայացուցած իր զեկոյցին մէջ գերապայծառ Կալլակէր նշեց՝ թէ Ֆրանչիսկոս Պապը տեղեակ է այսպիսի կարեւոր նիւթին շուրջ կազմակերպուած հաւաքի մասին, աւելցնելով թէ ժամանակի ընթացքին աճած է իրազեկութիւնը՝ կարեւոր հարցերու ծիրէն ներս, կրօններու դերակատարութեան մասին, ինչպէս է միջազգային խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնը եւ համակեցութիւնը։  

«Ի տես այս իրականութեան կրօնական ազատութեան պաշտպանութիւնը կը մնայ Սուրբ Աթոռի առաջնահերթ քաղաքականութիւններէն մին» յարեց գերապայծառ Կալլակէր, մատնանշելով մարդու արժանապատուութեան ու անոր Աստուծոյ նմանութեամբ ու պատկերին համաձայն ստեղծուած ըլլալու մասին։ 

Ան հուսկ ակնարկեց կրօնական ազատութեան դէմ գործադրուած տարբեր տեսակ հալածանքներուն, որոնք միայն ֆիզիկական չեն։ 

«Գաղափարական հակումները և «քաղաքական ճշտութեան» անուամբ լռութեան մղումը,  կրօնի ազատութեան դէմ նախայարձակումի  ձևեր  են»  բացատրեց գերապայծառ  Կալլակէր, որ ապա անընդունելի եւ վիրաւորական նկատեց նաեւ «Կրօնական ազատութենէ հրաժարելու համար բանեցուած  ճնշումները, որոնց նպատակն է խթանել այլ տեսակ «այսպէս կոչուած մարդու իրաւունքներ»։ Գերապայծառ Կալլակէր մատնանշեց հուսկ Սուրբ Աթոռի կամքին՝ շարունակելու երկխօսութիւնը տարբեր կրօններ դաւանող հաւատացեալներու հետ միասին։

Իր կարգին Վատիկանի Պետական քարտուղարը փակումը կատարելով ուսումնաժողովին վերահաստատեց Վատիկանի կեցուածքը հաստատելով, որ «Կրօնական ազատութեան պաշտպանութիւնը Վատիկանի դիւանագիտութեան բնորոշիչ նշանն է» ապա նշեց թէ կրօնական ազատութեան իրաւունքին առնչուած է կեանքի անձեռնմխելիութեան իրաւունքը, որոնք միասին կը կազմեն միւս բոլոր մարդկային իրաւունքներու հիմքը։ 

Եթէ խախտուի այս իրաւունքը հարցականի տակ կը դրուին միւս բոլոր իրաւունքները ըսաւ Վատիկանի Պետքարտուղարը, որ ապա նկատել տուաւ թէ կրօնի ազատութեան խախտումները արմատաւորուած են անձի թիւրըմբռնուած ազատութեան մէջ։

Կարդինալ Փարոլին հուսկ նշեց թէ կրօնի ազատութիւնը ճշմարտութիւնը փնտռելու ազատութիւն է, հաւատքի ազատութիւն։ Ազատութիւնը վերագտնելու մեր գոյութեան վերջին ճշմարտութիւնը, մեր ծագումն ու վախճանը, որ Արարչին պարգեւն է։ 

Ուսումնաժողովի աւարտին Կարդինալ Փարոլինը պատասխանելով մի քանի լրագրողներու հարցումներուն Չինաստանի հետ վատիկանի յարաբերութիւններու մասին ան հաստատեց թէ Սուրբ Աթոռը կը հաւատայ փոքր քայլերու քաղաքականութեան եւ թէ եպիսկոպոսներուն անուանումին հայող կնքուած համաձայնագիրը դէպի առջեւ քայլ մըն է աւելի մեծ կրօնական ազատութեան ի նպաստ։ «Ասոր համար յարմար չէ Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի միջեւ կնքուած համաձայնագիրը օգտագործել Միացեալ Նահանգներու ներքին ընտրական նպատակներու համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2020, 09:00