Բնապահպանութեան հայոց համաժողով Բնապահպանութեան հայոց համաժողով 

Կարդինալ Փարոլին. Տնտեսութիւնն ու քաղաքականութիւնը ղեկավարելու համար պէտք է «հոգ տանելու» կրթութիւն։

Centesimus Annus pro Pontifice հիմնարկի կողմէ “The milestones of the Integral ecology for a human Economy" առցանց կազմակերպուած միջազգային համաժողովին առթիւ Վատիկանի պետքարտուղարը լսատեսողական պատգամ մը ուղղեց, որուն մէջ ընդգրկուած էր Քահանայապետի «Laudato si»ի շրջաբերականի կենտրոնական թեմաները ՝ ներառելով նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին «Fratelli tutti» շրջաբերականի նիւթեր։ "Հրաւէրը վերահաստատել զարգացման և աճի ձեւ մը, որը որպէս կեդրոն ընտրէ մարդկային արժանապատուութիւն»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Laudato Si'» շրջաբերականի աղօթքի, խորհրդածութեան ու բարի արարքներու նուիրուած տարւոյն առթիւ, «Centesimus Annus pro Pontifice» հիմնարկը կազմակերպեց երկու մասերու բաժնուած միջազգային համագումար որոնցմէ առաջինը տեղի ունեցաւ 23 հոկտեմբերին, որպէս կեդրոնական նիւթ ունենալով «Կառավարման եւ գործի կերպեր» իսկ երկրորդը նախատեսուած է յառաջիկայ 30 Հոկտեմբերին  «Կրթութիւն և ուսուցում» բնաբանով։

Ունկնդրէ լուրը

Քովիտ 19 համաճարակի բերումով վերոնշեալ համագումարը տեղի ունեցաւ առցանց, որուն բացումը կատարեց Վատիկանի Պետքարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը ժողովականներուն ուղղելով լսատեսողական պատգամ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս Պապին բնապահպանութեան նուիրուած «Laudato Si'» եւ Մարդկային եղբայրութեան յատկացուած «Fratelli tutti» շրջաբերականներուն։

Կարդինալ Փարոլին մատնանշեց Քահանայապետի խօսքերուն, ուր ան կը հաստատէ թէ հարկաւոր է մեր այս փորձանքի ժամանակը գործածել, որպէս առիթ որոշումներ առնելու համար, որովհետեւ համաճարակը ի յայտ դրաւ մեր բոլոր դիւրաբեկութիւնները ու մեր սուտ ապահովութիւնները։ Ասկէ մեկնելով Կարդինալ Փարոլինը նշեց՝ թէ հարկաւոր է մարդկութեան նաւը դարձեալ դնել ուղիղ ճանապարհին վրայ, դէպի Տէրը ու դէպի ուրիշները, համագործակցութեան հոգիով, ու վերաբացայայտելով մեր աշխարհին պատկանելիութիւնը, որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր։

Ծիրանաւորը հուսկ շեշտը դրաւ համապարփակ բնապահպանութեան նիւթին վրայ, որ չի հայիր միայն բնապահպանութեան այլ կ՛ընդգրկէ նաեւ կեանքը իր ամբողջութեամբ, ուստի հարկաւոր է այդ գործընթացքի որպէս կեդրոն ընտրել մարդ անհատը ու պէտք է այդ իմաստով խթանել խնամքի մշակոյթ մը, որ հակառակ է մնացորդացի մշակոյթին։

Կարդինալ Փարոլինը ակնարկեց ապա «մնացորդացի« զանազան երեւոյթներուն օրինակ «աշխատավարձի գինը նուազեցնելու» մղումը որով կը կորսուի աշխատանքի իրաւունք-պարտականութիւն արժէքի իմաստը, որ հիմնական տարր մըն է իրականացնելու համար ամէն մէկ մարդ անհատի անձնաւորութիւնը ինչպէս նաեւ ընկերային հասարակութեան ներքոյ զօրակցութեան պարտաւորութիւնը։ 

Ծիրանաւորը հուսկ մատնանշեց «ուղին փոխելու» անհրաժեշտութեան ու այդ ծիրէն ներս կրթութեան կարեւոր դերակատարութեան, որով կարելի է կողմնորոշել նաեւ քաղաքականութիւնն ու տնտեսութիւնը ի նպաստ մարդկային համապարփակ զարգացումին, երկրի բոլոր ժողովուրդներուն համար ու յատկապէս աղքատներուն համար։

«Կարիքը կայ նաեւ բարոյական զատորոշումին ի նպաստ աւելի խոր մտածողութեան տնտեսութեան իմաստին ու անոր նպատակներուն վրայ» նշեց հուսկ Կարդինալ Փարոլինը մատնանշելով տնտեսութեան մը համակարգին որ ըլլայ միշտ աւելի մարդկային։ Այս ուղղութեամբ Ծիրանաւորը հրաւէր ուղղեց գործատէրերուն իրենց գործողութիւնները կողմնորոշելու նաեւ միւս անհատներու բարօրութեան ի նպաստ ու վերացնելու համար թշուառութիւնը, ու այս մէկը կատարելու ստեղծելով աշխատանքի նոր կարելիութիւնը։

Կարդինալ Փարոլինը ակնարկեց ապա «տիեզերական» գետնի վրայ համագործակցութեան կարեւորութեան ու ժողովուրդներու միջեւ զօրակցութեան անհրաժեշտութեան, վերահաստատելով՝  թէ «միայն միասնական յանձնառումով է, որ կարելի է գործնական պատասխաններ տալ հարցերուն, որոնք կը գերազանցեն ազգային սահմանները», յանուն միջ սերնդային զօրակցութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2020, 10:28