Նիւ Եորք քաղաքի լուսանկար Նիւ Եորք քաղաքի լուսանկար 

Գերապայծառ Քաչիայի ելոյթը ՄԱԿ-ի 75-րդ նստաշրջանին։

Շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւնը եւ մարդկային անձի արժանապատուութեան բարձրացումը պէտք է որ զուգահեռ ընթանան ըսաւ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ Գերապայծառ Քաչչիա։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

ՄԱԿ-ի 75-րդ ընդհանուր նիստին, 12 եւ 13 հոկտեմբերին, ելոյթ ունեցողներուն շարքին զրուցեց նաեւ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դիտորդ Արքեպիսկոպոս Կապրիելէ Ճորտանօ Քաչչիա, որուն  ելոյթներուն առանցքը եղաւ աղքատութիւնը, շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւնն ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի դիւանագէտը խօսելով աղքատութեան մասին նշեց, որ աղքատութեան պատուհասը կը մնայ մեր ժամանակուան համաշխարհային ամենէն մեծ մարտահրաւէրներէն նկատի առնելով աշխարհի մէջ աղքատներուն թիւի աճումը։ Գերապայծառ Քաչչիա դիտել տուաւ նաեւ, որ Համաճարակի ընկերա-տնտեսական հետեւանքները,  ներկայ իրավիճակը առաւել բարդաձուցած են ուվտանգ կայ որ մինչեւ տարւոյս վերջաւորութեան, աւելի քան 100 միլիոն անձ յետին աղքատութեան հասնին։

Ան նշեց, որ աշխատանքի կորուստը, հնարաւորութիւններու պակասը եւ եւ անբաւարար ընկերային պաշտպանութիւնը,  գործօններ են, որոնք կը նպաստեն աղքատութեան, աւելի մեծ անհաւասարութեան եւ բացառման։

Արքեպիսկոպոս Քաչչիա աղքատութեան դէմ պայքարելու համար նախ եւ առաջ ընդգծեց դպրոցական կրթութեան հրամայականը նկատել տալով,  որ համաճարակը իր բացասական ազդեցութիւնը ունեցաւ այդ գործօնի վրայ , այնքանով, որ դպրոցներէն հրաժարուելու մակարդակը կտրուկ կերպով աճած է ։

Կարդինալ Քաչչիա զրուցեց նաեւ  դեղագործական աղքատութեան դէմ պայքարին մասին։ Աղքատութիւնը արմատախիլ ընելու համար Արքեպիսկոպոսը յորդորեց համապարփակ մօտեցում, համաշխարհային դրամավարկային եւ քաղաքական միջոցառումներու միութիւն, որոնք կը նպաստեն տնտեսութեան եւ զարգացման այն տիպարին, ուր կեդրոն ունի մարդկային անձը, յատկապէս աղքատը։

Երկրորդ ելոյթին մէջ գերապայծառ Քաչչիա զրուցեց շրջակայ միջավայրին պաշտպանութեան մասին, որուն ծիրէն ներս անհրաժեշտ նկատեց միջազգային հանրութեան միասնական պատասխանը, բաժնեկցած եւ համաձայնուած յանձնառութեան վրայ։

Ան ընդգծեց նաեւ անձերուն եւ հասարակութիւններուն ընկերա -տնտեսական կառոյցներու ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը նշելով, թէ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարը արդարութեան եւ բարոյական հրամայական հարց է, որովհետեւ անիկա կ՝ենթադրէ պայքար աղքատութեան, անհաւասարութեան, ընկերային անարդարութեան բոլոր ձեւերու դէմ, որոնք կ՝ազդեն մարդու կեանքի վրայ, յատկապէս ամենաղքատ երկիրներուն վրայ։

«Շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւնը եւ մարդկային անձի արժանապատուութեան բարձրացումը հետեւաբար պէտք է զուգահեռ ընթանան» ըսաւ ՄԱԿ-ի մօտ մնայուն դէտ Գերապայծառ Քաչչիա։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2020, 10:59