Գերապայծառ Փալիա Գերապայծառ Փալիա 

«Ընտանիքը կը մնայ կայունութեան վայր նոյնիսկ համաճարակի ընթացքին» Գերապայծառ Փալիա։

«Ընտանիքը արդարեւ վայրն է զօրեղ յարաբերութիւններուն, որոնք խորապէս ազդեցութիւն ունին ամէն մէկ անհատի կեանքին վրայ» ըսաւ միշտ գերապայծառ Փալիա
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ընտանիքը հակառակ անոր դէմ մղուած բոլոր յարձակումներուն կը մնայ կայուն, իր ներքին ուժի պատճառաւ։ Ընտանիքի փոխարինողներ կամ համարժէք գործառոյթներ չկան». Այս կը հաստատէ Գերապայծառ Վինչենցօ Փալիա, Կեանքի Քահանայապետական ակադեմիայի նախագահը, խօսելով Քոլոմպիայի թեմի ընտանիքի հովուական խնամակալութեան պատուիրակներուն հետ, առցանց կատարուած մէկ բանախօսութեան մը ընթացքին, զոր տեղի ունեցաւ անցեալ օր եւ որուն բնաբանն էր «Ընտանիքը համաճարակի օրերուն եւ համաճարակէն ետք»։

«Քովիտ19-ի ներխուժումին դիմաց, ընտանիքն է՝ որ իր բոլոր տկարութիւններով կը մնայ ապաստանի եւ կայունութեան վայր» ըսաւ Գերապայծառ Փալիա դիտել տալով, որ համաճարակի այս պահը ակնյայտօրէն ցոյց կու տայ թէ ընտանիքը իւրայատուկ ընկերային ձեւ մըն է։

«Ընտանիքը արդարեւ վայրն է զօրեղ յարաբերութիւններուն, որոնք խորապէս ազդեցութիւն ունին ամէն մէկ անհատի կեանքին վրայ» ըսաւ միշտ գերապայծառ Փալիա, որ ապա նշեց թէ Եկեղեցիները եւս պէտք է ունենան ընտանեկան հաղորդութեան յատկութիւնները։ Եկեղեցին պէտք է ընկալուի որպէս Աստուծոյ ընտանիք եւ ասոր համար «պէտք է դիմել խոր վերանորոգումի», ինչպէս կը յանձնարարէ Ֆրանչիսկոս Պապը «Amoris Laetitia» յորդորագիրին մէջ, ուր նաեւ հրաւէր կ՛ուղղուի ընտանիքներուն ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը աշխարհի հաղորդելու «Ընտանիքին Աւետարանը»։

Ասկէ մեկնելով Կեանքի Քահանայապետական Ակադեմիայի նախագահը դիտել կու տայ թէ մեծ բաց մը կայ, որ ընտանիքները կը բաժնէ քրիստոնեայ հասարակութիւններէն ու թէ հարկաւոր է ունենալ նոր հորիզոն մը, որ վերակազմակերպէ ժողովրդապետութիւնը ու զայն կը ներկայացնէ, որպէս ընտանիք հասարակութիւն։ «Հարկաւոր է ստեղծել ընտանիքներու միջեւ եղբայրութիւնը։ Վերաստեղծել ընտանիքին հովուական հոգատարութեան հովուականութիւնը։ Անհրաժեշտ է, ըսաւ միշտ գերապայծառ Փալիա, ոչ միայն ապրիլ ժողովրդապետութեան կեանքէն ներս, այլ համայն ընկերութեան մէջ, ուր ընտանիքները կանչուած են տալու իրենց սատարը՝ որպէս ընկերութեան մէջ «հարազատութեան» թթխմոր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2020, 09:13