Որոնել

Կարդինալ Թակլէ Կարդինալ Թակլէ 

Կարդինալ Թակլէ «Արարչագործութեան ժամանակը մեզ կը յիշեցնէ, որ պէտք է զայն պաշտպանել։»

Պէտք է  արարչագործութեան հետ վերաբերիլ, ոչ թէ որպէս սեփականատէրեր այլ որպէս անոր պահակները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ժողովուրդներուն աւետարանումի ժողովի կառավարիչ եւ միջազգային Քարիթասի նախագահ կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ, պատկերասփռուած պատգամով մը  անդրադարձաւ «Արարչագործութեան ժամանակ» ձեռնարկին որ կը նշուի Սեպտեմբեր 1-էն մինչեւ հոկտեմբեր 4։

Կարդինալ Թակլէին պատգամը

Ծիրանաւորը պատկերասփռուած պատգամին մէջ ըսաւ.

Սեպտեմբեր 1-էն մինչեւ հոկտեմբեր 4՝ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիին ծիսական տօնին օրը, Տիեզերական եկեղեցւոյ հրաւէրով Արարչագործութեան նուիրուած ժամանակն է  ,որուն կանչուած ենք՝ աղօթքի եւ Սուրբ Պատարագի միջոցաւ յիշելու Արարչագործութեան բարիքները, որոնք նշան են Աստուծոյ սիրոյ եւ վեհանձնութեան։  Ըսաւ Կարդինալ Թակլէ ան  ապա  հրաւիրեց բացայայտելու արարչագործութեան պահապանները ըլլալու մեր կոչումը, դիտել տալով որ  ստէպ  արարչագործութեան հետ կը վերաբերինք որպէս սեփականատէրեր, մոռնալով թէ անոր պահակներն ենք։

Կարիդինաl Թակլէ ապա հրաւիրեց  Համայն քրիստոնեաները միաձայնութեամբ նշելու Արարչագործութեան ժամանակը, որ ընկերային եւ բնապահապանողական յստակ պատգամ մըն է , անդրադառնալու համար կեանքի եւ մարդ էակներուն հետ  մեր ունեցած վերաբերմունքին։

Կարդինալ Թակլէ պատկերասփռուած պատգամը կ՝աւարտէ հրաւիրելով արարչագործութեան ժամանակը  ապրիլ տօնախմբելով փոխկապակցութիւնը՝ արարչագործութեան ընտանիքին մէջ յատուկէն աղքատներուն հետ։

Ունկնդրէ լուրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2020, 11:00