Կարդինալ Մաուրօ Փիաչենցա։ Կարդինալ Մաուրօ Փիաչենցա։ 

Ննջեցեալ հաւատացեալներու լիակատար ներումը պիտի կերկարաձգուի ամբողջ նոյեմբեր ամսուայ տեւողութեամբ. Կարդինալ Փիաչենցա։

Ներումը ընդհանրապէս կարելի էր ընդունիլ միայն 2 – 8 նոյեմբեր երկարող ութօրէքի ընթացքին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այս տարի, «Covid-19» համաճարակի հետեւանքով ստեղծուած արտակարգ իրավիճակի պատճառաւ, ննջեցեալ հաւատացեալներու լիակատար ներումը պիտի կերկարաձգուի ամբողջ նոյեմբեր ամսուայ տեւողութեամբ, յարմարացնելով աշխատանքներն ու պայմանները՝ ապահովելու  համար մարդոց առողջապահական անվտանգութիւնը»: Այս կը կարդանք Առաքելական Քահանայապետական  շնորհաբաշխութեան ատեանի կողմէ, 23 հոկտեմբերին հրապարակուած  հրամանագիրին մէջ, որ է  «ի պատասխան աշխարհի շատ մը եպիսկոպոսներու խնդրանքներուն», որոնք, իրենք զիրենք գտնելով դժուար իրավիճակներուն մէջ ու հակահամաճարակային դրութիւններու բերումով չկարողանալով ապահովել մահացածներու պաշտամունքի հետ կապուած ծիսական սովորական գործունէութիւնները խնդրեցին «բարեպաշտական ​​գործունէութիւնները վերածել ձեռք բերելու համար քաւարանի մէջ հոգիներու համար լիակատար ներումը»։

«Ներումը ընդհանրապէս կարելի էր ընդունիլ միայն 2 – 8 նոյեմբեր երկարող ութօրէքի ընթացքին բոլոր անոնց որոնք գերեզմանատուները այցելելով  կ՛աղօթեն ննջեցեալներուն համար, արտասանելով Հայր մեր աղօթքն ու հաւատոյ դաւանանքը։  Սակայն ի տես տարբեր երկիրներու մէջ գործադրուած փակումներուն, Քոիվտ19 համաճարակի պատճառաւ եւ նկատի առնելով բազմաթիւ հաւատացեալներու մօտ սոյն ջերմեռանդութեան կարեւորութիւնը, մտածեցինք երկարաձգել ժամանակը համայն նոյեմբեր ամսուայ երկարութեամբ, նոր առիթ ընծայելու համար հաւատացեալներուն աղօթելու, մօտենալու խոստովանանքի խորհուրդին եւ հայցելու լիակատար ներումը ննջեցեալներուն համար։ Այս ուղղութեամբ հրամանագիրի յատուկ մաս մը յատկացուած է նաեւ տարեցներուն ու հիւանդներուն, որոնք կարելիութիւն չունին տեղափոխուելու», ըսաւ ի մէջ այլոց Հռոմի Քուրիայի շնորհաբաշխութեան ատեանի կառավարիչ Կարդինալ Մաուրօ Փիաչենցա Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, ուր նաեւ մատնանշեց թէ հրամանագիրը յատուկ յորդոր կ՛ուղղէ քահանաներուն՝ որպէսզի միշտ աւելիով տրամադիր ու վեհանձն  ըլլան հանդէպ հաւատացեալներուն,  հոգալով անոնց հոգեւոր կարիքներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2020, 12:21