Վատիկան Քաղաքը Վատիկան Քաղաքը 

Վատիկանի մէջ Քորոնա ժահրի մէկ նոր պարագայ. Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի յայտարարութիւնը.

Քորոնա ժահորվով վարակուած նոր հիւանդը, ու անոր հետ անմիջական շփում ունեցող անձերը առ այժմ հեռացուած են Տումուս Սանթայի իրենց սովրական բնակարանէն

Շաբաթ, 17 հոկտեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն, տիար Մաթթէօ Պրունի, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, յայտարարեց, թէ անցնող օրերուն,Վատիկանի քաղաքի բնակիչներուն միջեւ արձանագրուած քորոնա ժահրի երեք պարագաները ապաքինած են։   Սակայն ներկայ դրութեամբ  արձանագրուած է քորոնա ժահրով վարակուած այլ պարագայ մը, որուն կ՝աւելնան Զուիզերական պահակագունդի մէջ յայտնաբերուած երեք պարագաները։

Քորոնա ժահորվով վարակուած նոր հիւանդը ու անոր հետ անմիջական շփում ունեցող անձերը առ այժմ հեռացուած են Տումուս Սանթայի իրենց սովորական բնակարանէն ու այժմ կը գտնուին ինքնամեկուսացումի մէջ է ։Նշած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը ու աւեցուց, թէ Սուրբ Աթոռի և Վատիկան քաղաքի Պետութեան կողմէ ներկայացուած դրոյթները կը շարունակուին պահպանուիլ եւ Տումուս Սանթայի բնակիչներուն առողջութիւնը մշտապէս վերահսկումի տակ կը գտնուին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2020, 14:36