Ֆրանչիսկոսին Տնտեսութիւնը Ֆրանչիսկոսին Տնտեսութիւնը 

Մամլոյ ասուլիս «Ֆրանչիսկոս Պապին տնտեսութիւն» ձեռնարկին վերաբերեալ

Ֆրանչիսկոսի տնտեսութիւնը» ձեռնարկին նպատակն է «հանդիպիլ անոնց որոնք այսօր կը կազմաւորուին ու սկսած են ուսանիլ ու գործադրել տարբեր տնտեսութիւն մը։

Երեքշաբթի, 28 հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ տեղի կ՝ունենայ մամլոյ ասուլիս «Ֆրանչիսկոսին Տնտեսութիւնը, Ֆրանչսկիս Պապ եւ աշխարհի բոլոր երիտասարդները վաղուան տնտեսութեան համար» միջազգային ձեռնարկին  ծրագիրին վերաբերեալ։

Ունկնդրէ լուրը

Մամլոյ ասուլիսը ուղիղ կը սփռուի Վատիկանի Պօղոս Զ անուան մամլոյ գրասենեակէն, որուն կարելի է հետեւիլ https://www.youtube.com/c/VaticanNewsIT կայքէն։ «Ֆրանչիսկոսի տնտեսութիւնը»միջազցային ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ առցանց 19-էն 21 նոյեմբերին։

Յիշենք, որ Ֆրանչիսկոսի տնտեսութիւնը» ձեռնարկին նպատակն է «հանդիպիլ անոնց, որոնք այսօր կը կազմաւորուին ու սկսած են ուսանիլ ու գործադրել տարբեր տնտեսութիւն մը՝ որ կը մտի ապրեցնելու ոչ թէ սպաննել, կը նեռարէ եւ չի բացառեր, կը մարդկայնացնէ ու տմարդկային չէ եւ հոգ կը տանի արարչութեան ու զայն չի թալլեր։

«Ձեռնարկ մը, որ կը սատարէ՝ միասին մնալու ու իրար ճանչնալու ու մեզ մղէ կը որդեգրելու դաշինք մը, փոխելու համար ներկայ տնտեսութիւնը եւ հոգի պարգեւելու ապագայի տնտեսութեան» այս մասին գրած էր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը,  երիտասարդ ձեռնարկատէրերուն ուղղած իր նամակին մէջ, որով հրաւէր կ՛ուղղէ անոնց՝ մասնակցելու ձեռնարկին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/10/2020, 10:50