Կարդինալ Ռավազի եւ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի Կարդինալ Ռավազի եւ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի 

Ներկայացուեցաւ Ժոզէֆ Ռացինկեր հիմնարկի 2020 թուականի մրցանակի դափնեկիրներուն անունները։

ատիկանեան Ժոզէֆ Ռացինկեր – Պենետիկտոս ԺԶ հիմնարկը կը փափաքի Եկեղեցւոյ գնահատանքը յայտնել այն անձնաւորութիւններուն որոնք իրենց ուսումնասիրութեան ու դասատուի ասպարէզէն ներս յատկանշական աշխատանք կը տանին  գիտական գետնի վրայ ու հրապարակեն ուսումնասիրական աշխատանքներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 1-ին, Վատիկանի Ռատիօ կայանի Մարքոնի անուան դահլիճին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքի ներկայացուեցաւ Ժոզէհ Ռացինկեր հիմնարկի 2020 թուականի մրցանակի դափնեկիրներու անուններն   ու հիմնարկի ծրագիրները։ 

Ունկնդրէ լուրը

Մամլոյ ասուլիսին ելոթ ունեցան  հիմնարկի մատակարարութեան խորհուրդի նախագահ հայր Ֆետերիքօ Լոպարտին, քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի նախագահ կարդինալ Ժանրանքօ Ռաւազին։

Ռացինկեր հիմնարկի 2020  թուականի մրցանակի դափնեկիրներն են Աւստրալիացի, իմաստասէր, իրաւաբան Թրէյս Ռոլանտ եւ ֆրանսացի, փիլիսոփայ, Աստուածաբան Ժան Լուք Մարիոն։

Յայտնենք, թէ վերոնշեալ մրցանակով Վատիկանեան Ժոզէֆ Ռացինկեր – Պենետիկտոս ԺԶ հիմնարկը կը փափաքի Եկեղեցւոյ գնահատանքը յայտնել այն անձնաւորութիւններուն որոնք իրենց ուսումնասիրութեան ու դասատուի ասպարէզէն ներս յատկանշական աշխատանք կը տանին  գիտական գետնի վրայ ու հրապարակեն ուսումնասիրական աշխատանքներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2020, 14:31