Ֆրանչիսկոս Պապ MONEYVAL յանձախումբի հետ հանդիպումը Ֆրանչիսկոս Պապ MONEYVAL յանձախումբի հետ հանդիպումը 

Աւարտեցաւ «Moneyval» յանձնաժողովի այցելութիւնը Վատիկանի մէջ

Վատիկանի պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, ողջունելով եւրոպայի յանձնաժողովի անամներուն Վատիկան այցը նշեց, թէ անոնց այցը խթան է մտածելու տնտեսութեան ձեւի մը մասին որ միշտ աւելիով մարդու ծառայութեան ի սպաս կը դրուի։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Աւարտեցաւ Եւրոպայի մասնագէտներու «Moneyval» յանձնաժողովի դրամի լուացման եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի չափանիշերու գնահատման ծիրէն ներս Վատիկան կատարած այցելութիւնը։Այս առնչութեամբ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը նշելով, որ Վատիկանի մէջ կայացած վերոնշեալ յանձնաժողովի հետ հանդիպումները տեղի ունեցած են կառուցողական եւ շինիչ մթնոլորտի մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Սուրբ Աթոռի և Վատիկան քաղաքի պետութեան կողմէն դրամի լուացման և ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման կանխարգիլման և հակազդեցման համակարգի արդիւնաւէտ գործունէութեան գնահատման գործընթացը կարևոր քայլ  է, որ  կ՝աւարտի լիագումար ժողովի կողմէն, փոխադարձ  գնահատման զեկոյցի որդեգրումով, որ  նախատեսուած է 2021 թ. գարնանը, Moneyval կոմիտէի ներքին ընթացակարգերի համապատասխան: Սուրբ Աթոռի իշխանութիւնները , սրտանց և խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեն Moneyval կոմիտէի քարտուղարութեան անդամներուն: նշուած է Սուրբ Աթոռի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Մինչ՝ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, ողջունելով եւրոպայի յանձնաժողովին Վատիկան այցը նշեց, թէ անոնց այցը խթան է մտածելու տնտեսութեան ձեւի մը մասին, որ միշտ աւելիով մարդու ծառայութեան ի սպաս կը դրուի։

Ծիրանաւոր ապա ընդգծեց, տնտեսական ոլորտէն ներս Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկան քաղաքի յանձնառութիւնը,  թափանցիկութեան, միջազգային համագործակցութեան եւ արդարութեան ոլորտէն ներս

Նշենք նաեւ, որ անցեալ հոկտեմբեր 8ին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունելով եւրոպային մասնագէտներու յանձնախումբի անդամները ,անոնց ուղղած ճառին մէջ ընդգծեց մաքուր տնտեսականութեան հրամայականը՝ մարդու ծառայութեան ի սպաս յատուկէն դիւրաբեկներուն։ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց մտածելու դրամի հետ մեր յարաբերութեան մասին, դիտել տալով, որ երբեմն այնպէս կը թուի, թէ ընդունուած է դրամի գերակայութիւնը մարդու նկատմամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2020, 09:36