Սուրբ Պետրոսի հրապարակի տօնածառը (2019) Սուրբ Պետրոսի հրապարակի տօնածառը (2019) 

Սուրբ Պետրոսի Ս. Ծննդեան տօնածառը՝ Սլովենիայէն, Մսուրը՝ Իտալիոյ Թերամօ նահանգէն։

Տօնածառի եւ Սուրբ Մսուրի բացման արարողութիւնը նախատեսուած է ուրբաթ 11 դեկտեմբերի յետմիջօրէի 16.30-ին՝ Վատիկանի կառավարութեան նախագահ Կարդինալ Ճուզեփփէ Պերթելլոյի ու կառավարութեան ընդհանուր քարտուղար գերապայծառ Ֆերնանտօ Վերկէս Ալզակայի նախագահութեամբ, մասնակիցներու սահմանափակ ներկայութեամբ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետութեան կառավարութիւնը մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ թէ 2020-ի Սուրբ  Պետրոսի հրապարակին վրայ զետեղուելիք Ս. Ծննդեան  աւանդական տօնածառը նուէրն է Սլովենիայի մինչ Մսուրը՝ Իտալիոյ Թերամօ նահանգի Քասթելլի քաղաքին։

«28 մեթր բարձրութեամբ եւ 70 սմ լայնքով եղեւնիի տօնածառը պիտի ժամանէ  Սլովենիայի «Kočevje» քաղաքէն։ Այս տարի աւելի քան երբեք Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Սուրբ Ծննդեան աւանդական տարածքի տեղադրումը, կ՛ուզէ ըլլալ համայն աշխարհի համար նշան յոյսի եւ վստահութեան։ Ան կ՛ուզէ  համոզում յայտնել, որ Յիսուսը կու գայ իր ժողովուրդին մէջ զանոնք փրկելու եւ մխիթարութիւն շնորհելու համար։ Կարեւոր պատգամ մը այս մեր դժուար ժամանակահատուածի ընթացքին որ յատկանշուած է Covid-19 ստեղծած առողջութեան արտակարգ իրավիճակով» գրուած է Վատիկանի Կառավարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, ուր ապա նշուած է թէ տօնածառի եւ Սուրբ Մսուրի բացման արարողութիւնը  նախատեսուած է  ուրբաթ 11 դեկտեմբերի յետմիջօրէի 16.30-ին՝ Վատիկանի կառավարութեան նախագահ  Կարդինալ Ճուզեփփէ Պերթելլոյի ու կառավարութեան ընդհանուր քարտուղար գերապայծառ Ֆերնանտօ Վերկէս Ալզակայի նախագահութեամբ, մասնակիցներու սահմանափակ ներկայութեամբ։

Նոյն օրը Քասթելլի եւ « Kočevje» քաղաքներէն պատուիրակութիւնները հանդիպում պիտի ունենան Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Իսկ Ապրուցցօ Մարզէն ժամանած  կաւէ մսուրը գործն է “F.A. Grue” արուեստի վարժարանի ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեանց։ Արձանները պիտի զետեղուին 125 մեթր քառակուսի տարածքի վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2020, 11:49