Որոնել

Պիելոռուսիոյ մէջ ցոյցի ժամանակ Պիելոռուսիոյ մէջ ցոյցի ժամանակ 

Սուրբ Աթոռը. «Խաղաղ լուծում Պիելոռուսիոյ համար»

Սուրբ Աթոռը, փափաքելով պատրաստակամ է որեւէ քննարկումի, որ կարող է հանգեցնել անհրաժեշտ խաղաղութեան։ Արքեպիսկոպոս Եուրքովիչի ելոյթը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Սուրբ Աթոռը կը վերանորոգէ իր կոչը՝ խաղաղ եւ արդար լուծում գտնելու , Պիելոռուսիոյ մէջ ընտրութիւններէն ետք ստեղծուած ընկերային քաղաքական կացութեան համար»։ Այս մասին յայտնեց Ճընեւի մէջ ՄԱԿ-ի Սուրբ Աթոռի մնայուն դիտորդ, Արքեպիսկոպոս ԻՎան Եուրքովիչ, Մինսքի նուիրուած մարդկային իրաւունքներուն ի սպաս գումարուած 45-րդ նստաշրջանին։
Գերապայածառ Եուրքովիչ, Պիելոռուսիոյ մէջ Լարուած կացութեան որպէս լուծում, յորդորեց  անկեղծ երկխօսութիւն, գոյացնել մերժելով բռնութիւնները, եւ յարգել ով արդարադատութիւնն ու իրաւունքները։

Ունկնդրէ լուրը

Ան ապա մարդկային իրաւունքներուն ի սպաս, ՄԱԿի ժողովականներուն յիշեցուց Ֆրանչսկիսկոս Պապին մտահոգութիւնը , համայն Պիելոռուսիոյ եւ տեղական եկեղեցւոյ համար, որ արտայայտեց անցեալ 16 օգոստոսին, Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ, որուն մասին յիշեցուց նաեւ  Սուրբ Աթոռռին պետութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար Արքեպիսկոպոս Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր անցեալ օրերուն Պիելոռուսիա կատարած այցելութեան ընթացքին։
Արքեպիկոպոս Եուրքովիչ, խրախուսեց խաղաղ ցոյցեր կատարել եւ անսալ ժողովուրդին ձայնին,  յարգելով անոնց իրաւունքները։ 


Սուրբ Աթոռը փափաքելով խաղաղ և արագ լուծում տալ շարունակուող լարուածութեան, - եզրափակեց արքեպիսկոպոսը ,  պատրաստակամ է որեւէ քննարկումի,  որ կարող է հանգեցնել անհրաժեշտ խաղաղութեան։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2020, 09:24