Արեգակնային ուժանիւթ Արեգակնային ուժանիւթ 

Կարդինալ Փարոլինը. «Մարդը գիտական հետազօտութիւններուն կեդրոնը»

Կլոր սեղանի շուրջ քննարկումի եւ ուսումնասիրութեան նիւթ են, գիտութիւնը, արհեստագիտութիւնը, ընկերութիւնի, քաղաքականութիւնը, շրջակայ միջավայրը, հանրային առողջապահութիւնն ու կայունութիւնը ՝ֆրանչիսկոս Պապին «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականին լոյին ներքոյ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Իտալիոյ Թրիեսթէ քաղաքին մէջ ընթացք առաւ 2020 թուականի «EuroScience Open Forum միջազգային վեհաժողովը, որուն բացումը կատարեց, Վատիկանի Պետական քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը։

Ունկնդրէ լուրը

Կլոր սեղանի քննարկումի եւ ուսումնասիրութեան նիւթ են, գիտութիւնը, արհեստագիտութիւնը, ընկերութիւն, քաղաքականութիւն, շրջակայ միջավայր, հանրային առողջապահութիւնն ու կայունութիւնը ՝ֆրանչիսկոս Պապին «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականին լոյին ներքոյ։

Թրիեսթէ թեմի եպիսկոպոս, գերապայծառ Ճամբաուլօ Քրէփալտի, վեհաժողովին բացման առիթով  հրապարակեց հաղորդագրութիւն  մը,  որուն մէջ իր խոր երախտագիտութիւնը յայտնեց  Ֆրանչիսկոս Պապին՝ Վատիկանի պետական քարտուղարի միջոցաւ իր պատգամը փոխանցելում համար։
Հաղորդագրութեան մէջ եպիսկոպոսը դիտել տուաւ,  որ իր քաղաքն ու գիտութիւնը իրար ողջագուրած յառաջ կ՝երթան շնորհիւ քաղաքին մէջ  բարձր մակարդակի գիտական կեդրոններուն ներկայութեան։
Ան նկատել տուաւ, որ թեմական եկեղեցւոյ որոշումով  տարիներէ ի վեր տրամադրուած եւ գործօն դարձած է  հաւատքի եւ գիտութեան տարրալուծարաններ, եւ շնորհիւ նահանգի նիւթական նպաստին,  քաղաքին մէջ պիտի հիմնուի համամիութենական գետնի վրայ  բարոյագիտութեան, գիտական եւ Աստուածաբանական հետազօտութեան նոր  կեդրոն մը։

Ի վերջոյ Թրիեսթէ թեմի եպիսկոպոսը շնորհակալութիւն յայտնեց կարդինալ Փարոլինին՝ Euroscience Open Forum վեհաժողովի բացումը կատարելուն համար, որուն առթիւ արտասանած խօսքին մէջ ծիրանաւորը խրախուսեց իսկական բարոյական ընտրանքներ կատարել եւ մարդ արարածը որպէս նպատակ նկատել  գիտական հետազօտութիւններուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2020, 11:51