Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

ՄԱԿ-ի 75 ամեակ։ Կարդինալ Փարոլին. Միասին աշխատիլ յաղթահարելու համար աշխարհի տառապանքները.

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը լսատեսողական պատգամով մը իր մասնակցութիւնը բերաւ այս տարի նշուող ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի բացման 75 ամեակի յիշատակութեան։ Հասարակաց բարիքի որոնումի դժուար պարտականութիւնը, թող շարունակէ առաջնորդել Միացեալ Ազգերու անդամները որոնք 75 տարուայ պատմութեան, իրաւունքի, արդարութեան եւ խաղաղութեան ի նպաստ յանձնառումէն ետք կը մնայ անհրաժեշտ կազմակերպութիւն մը, համապատասխանելու համար ժողովուրդներու յոյսին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«75 տարուայ աշխատանք և յանձնառում յօգուտ օրէնքի, աշխարհի պաշտպանութեան և զարգացումին , ձախողումներով և անյաջողութիւններով, բայց անհրաժեշտութիւն ունենալով  շարունակել  պատասխանել ժողովուրդներու յոյսերուն»։  Այս խօսքերով  է որ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը   Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը Սուրբ Աթոռի անունով յղած լսատեսողական պատգամով մը,  զեկուցեց  Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան 75 տարեդարձի առթիւ Նիու Եորքի մէջ կայացած յիշատակութեան նիստին, որ այս տարի համաճարակի բերումով տեղի կ՛ունենայ առցանց։

Ունկնդրէ լուրը

Զեկոյցին մէջ Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը յիշեցուց  պետութիւններու միջեւ ներդաշնակութեան եւ խաղաղութեան յոյսերը, որոնցմով աշխարհի ժողովուրդները, այս տասնամեակներու ընթացքին, նայեցան ՄԱԿ-ին, մաղթելով միշտ աւելի մեծ յարգանք մարդկային արժանապատուութեան նկատմամբ, յուսալով միշտ աւելի մեծ մօտիկութիւն եւ խնամք աղքատութեան եւ տառապանքին ու արդարութեան զարգացումին։ Հիմնարար արժէքներ զոր ժամանակներու ընթացքին ՄԱԿ-ը  փորձեց գործնական դարձնել։

Վատիկանի ներկայացուցիչը  ընդգծեց թէ այդ  երկար ժամանակահատուածին ընթացքին պակաս չեղաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի սատարը՝ որ 1964-ին ճանչցուեցաւ որպէս մնայուն դէտ։

Քահանայապետերը արդարեւ միշտ խրախուսած են այս «Ազնիւ հաստատութիւնը» դառնալու «բարոյական կեդրոն» ուր ամէն մէկ երկիր կարող ըլլայ ինքզինք զգալ իր տան մէջ, ուր կը համախմբուի «ազգերու ընտանիքը», եւ ուր «միջազգային հասարակութիւնը, եղբայրական եւ զօարակցական հոգիով, յառաջ կ՛ընթանայ, բազմակողմ լուծումներ ներկայացնելով համընդհանուր մարտահրաւէրներուն», նշեց Կարդինալ Փարոլին, ընդգծելով թէ ինչպէս Քովիտ-19 համաճարակը յստակ դարձուց թէ չենք կրնար շարունակել մտածել միայն մենք մեզի, ու թէ պէտք է աշխատինք միասին, յաղթահարելու համար աշխարհի ծանր տառապանքը, այն գիտակցութեամբ որ «մի քանիներու կողմէ կրուած ծանր բեռը կը վերաբերի անպայման  ազգերու համայն ընտանիքն»։

Կարդինալ Փարոլինը լուսարձակի տակ առնելով 75 տարուայ պատմութիւնը նշեց թէ զանոնք յատկանշեց յանձնառումը աշխարհին մէջ պահպանելու եւ պաշտպանելու իրաւունքն ու արդարութիւնը, ի դէմ «պատերազմի եւ բռնութեան», սնունդ տրամադրելով անոնց որոնք զուրկ են անկէ, պահպանելով հասարակաց տունը եւ յառաջացնելով աշխարհ մը մարդկային համապարփակ զարգացումով։

Այս ծիրէն ներս Վատիկանի դիւանագէտը յիշեց նաեւ ՄԱԿ-ի կողմէ կրօնի ազատութեան ի նպաստ յանձնառումը ինչպէս նաեւ համոզումը թէ դիւանագիտութիւնն ու երկխօսութիւնը կարող են լուծել պատերազմներ ու հակամարտութիւններ եւ վերակառուցել այն ինչ որ բռնութիւնը կը կործանէ։

Կարդինալ Փարոլին խօսեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի պատմութեան մէջ արձանագրուած ձախողութիւններու մասին եւ ասկէ մեկնելով կոչ ուղղեց ընդհանուր ժողովին մասնակցող դիւանագէտներուն  ոչ միայն վերակենդանացնելու հաստատութեան սկզբնական հոգին այլ յատկապէս վերանորոգելու անկեղծ յանձնառումը որոնելու միշտ հասարակաց բարիքը։

«Հակառակ ամէն ինչի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, որտեղ ժողովուրդները իրար կը գտնեն երկխօսութեան եւ միասնական գործունէութեան մէջ, այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտութիւն է պատասխան տալու համար աշխարհի մեծ յոյսերուն» եզրափակեց Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2020, 10:00