Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Կարդինալ Մարիան Եավորսքի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Կարդինալ Մարիան Եավորսքի 

Ոչ եւս է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին մտերիմ բարեկամ Կարդինալ Մարիան Եավորսքին։

Ծիրանաւորին մահուան լուրը գուժեց Լեհաստանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը, տրուած ըլլալով, որ հանգուցեալը երկար տարիներ ապրած էր Լեհաստանի մէջ եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին մտերիմ բարեկամներէն մին էր։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Անցեալ 5 սեպտեմբերին, Ուքրանիոյ մէջ, 94 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին մտերիմ բարեկամներէն, կարդինալ Մարիան Եաւորսքին՝ Լվիւի լատիններուն երբեմնի Արքեպիսկոպոսը։ Ծիրանաւորին մահուան լուրը գուժեց Լեհաստանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը, տրուած ըլլալով, որ հանգուցեալը երկար տարիներ ապրած էր Լեհաստանի մէջ եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին մտերիմ բարեկամներէն մին կը նկատուէր։

Ունկնդրէ լուրը

Կարդինալ Մարինա Եաւորսքի ինքն է, որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին վերջին օծումը մատակարարեց։

Երջանկայիշատակ Կարդինալը  եղած է առաջին մեծաւորը Քրաքովիոյ Քահանայապետական Աստուածաբանական համալսարանին եւ միեւնոյն քաղաքի պատուող քաղաքացի։ Ան միշտ հետեւած է իր Եպիսկոպոսական կարգախօսին, «ինծի համար ապրիլ ՝Քրիստոսն է։»

Կարդինալ Մարիան ծնած է՝ 21 օգոստոս 1926ին, Ուքրանիոյ Լվիւ քաղաքի մէջ։ 1945ին մտած է իր ծննդավայրի աւագ նորընծայարան, ապա փոխադրուած է Լեհաստան։ 25 յունիս 1950 ձեռնադրուած է քահանայ։

Քրաքովիոյ քահանայապետական համալսարանին մէջ մասնագիտացած Աստուածաբանուկան ճիւղին մէջ, ապա տարբեր տարիներ աստուածաբանութիւն դասաւանդած է միեւնոյն համալսարանէն ներս։


21 մայիս 1984ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ զինք կ՝անուանէ Լամպէզի թեմի տիտղոսաւոր եպիսկոպոս եւ առաքելական կառավարիչ Լուպաչով թեմին։  Եպիսկոպոս ձեռնադրուած է 23 յունիս 1985ին, ապա 16 յունուար 1991ին, քահանայապետին որոշումով արքեպիսկոպոս Մեթրոպոլիթ կը նշանակուի Լվիւի լատիններուն եկեղեցւոյ։

21 փետրուար 1998ին, կարդինալական ժողովին ընթացքին, Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը, Արքեպիսկոպոս Մարիան կը բարձրացնէ Կարդինալներուն դասին։

Արքեպիսկոպոս Մարինա եղած է նաեւ Ուքրանիոյ  եպիկոպոսներուն համահաւաք դասի նախագահը եւ հեղինակած է Աստուածաբանական եւ իմաստասիրական նիւթերով տարբեր հատորներ։

Կարդինալ Մարիան Եաւորսքիի վախճանումով, կարդինալական դասը այժմ կը բաղկանայ 219 կարդինալներէ, որոնցմէ 122 քահանայապետ ընտրելու իրաւունք ունեցող ծիրանաւորներն են,  եւ 97՝ ոչ իրաւունք ունեցող։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2020, 12:24