Արքեպիսկոպոս Իվան Եուրքովիչ Արքեպիսկոպոս Իվան Եուրքովիչ 

Գերապայծառ Եուրքովիչ «Ջուրի իրաւունքը. անհրաժեշտ է կայուն եւ պատասխանատու կառավարում համաշխարհային մակարդակի վրայ։»

Ջուրի իրաւունքը ինչպէս մարդու բոլոր իրաւունքները իր հիմքը ունի մարդու արժանապատուութեան մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Խմելիք ջուրի եւ  մաքրութեան ծառայութիւններու մատչելիութիւնը չէ կարելի ձեռքբերել յանձնելով այդ պարտականութիւնները  առանձին պետութիւններուն։

Իւրաքանչիւրին պարտականութիւնն է զարգացնել մեր հասարակութիւնները առաւել համապարփակ եւ կայուն ձեւով։

Այս եղաւ ՄԱԿ-ի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններուն մօտ մնայուն դէտ Արքեպիսկոպոս Իվան Եուրքովիչի ելոյթի առանցքը ներկայացուցած  մարդկային իրաւունքներուն խորհուրդին 45-րդ նստաշրջանին։

Ունկնդրէ լուրը

Գերապայծառ Եուրքովիչ նկատել տուաւ որ, պատմական բանաձևի տասներորդ տարեդարձի առթիւ, որով 2010 թ. յուլիս 28-ին ՄԱԿ-ը , այդ կենսական միջոցը ներառեց մարդու կեանքի և ամբողջ մոլորակի համար անհրաժեշտ էական միջոց,  1948 թ.-ի Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրին մէջ, տակաւին  շատ բան կայ ընելիք  այդ նպատակին հասնելու համար, որը  նոյնինքն ՄԱԿ-ը նշած  է որպէս կայուն զարգացման նպատակներէն  մէկը  որ պէտք է իրականացուի մինչև 2030 թուականը:


Ջուրի իրաւունքը, ինչպէս մարդու բոլոր իրաւունքները,իր հիմքը ունի մարդու արժանապատուութեան մէջ եւ ոչ թէ որեւէ զուտ քանակական գնահատումի ձեւաչափի մէջ, որ ջուրը կը համարէ զուտ տնտեսական բարիք։ Ըսաւ Գերապայծառ Եւորքովիչը մէջբերելով եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութենէն հատուած մը, որուն հեռանկարով ջուրի մատակարումը պէտք է հիմնուած ըլլայ ընկերային պատասխանատուութեան վրայ, բնապահպանողական եւ մտածելակերպ եւ համաշխարհային գետնի վրայ երկիրներու միջեւ համերաշխութեան վրայ, որպէս միակ ձեւը ամրապնդելու ընդհանուր բարիքին ի սպաս եւ զայն փոխանցելու ապագայ սերունդներուն։

Ի վերջոյ Գերապայծառ Եուրքովիչ յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ ապրիլի 12-ի Urbi et Orbi- պատգամը «աննախադէպ ճգնաժամը, որ այս պահուն աշխարհը կ՝ապրի Covid-19 համաճարակի հետ, ցոյց կու տայ որ, եսասիրութեան ժամանակը չէ, որովհետեւ  մարտահրաւէրը զոր կը դիմագրաւենք բոլորս կը միաձնէ եւ ոչ մէկ տարբերութիւնը կ՝ընէ անձերու միջեւ ։»

Գերապայծառ Եուրքովիչ վերանորոգեց ֆրանչիսկոս Պապին կոչը չկորսնցնելու հնարաւորութիւնը, զօրակցութիւն ցուցաբերելու , նոյնիսկ դիմելով նորարական միջոցներու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2020, 09:55