Սուրիոյ մէջ պատերազմի հետեւանքները Սուրիոյ մէջ պատերազմի հետեւանքները 

Կարդինալ Զենարի «Սուրիոյ մէջ յոյսը մահուան եզրին հասած է »։

Կարդինալ Զենարի, նկատել տուաւ, որ Սուրիոյ մէջ աղքատութիւնը այլ տեսակ զօրեղ ռումբ մըն է, որուն թիրախ է սուրիոյ բնակչութեան աւելի քան 80 տոկոսը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրիոյ մէջ Պապական նուիրակ, կարդինալ Մարիօ Զենարի, Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ներկայացուց Սուրիոյ ներկայ կացութեան հաշուեկշիռը նշելով որ «Սուրիոյ մէջ սանձազերծուած պատերազմներուն հետեւանքով, ցարդ արձանագրուած է աւելի քան կէս միլիոն մեռեալ եւ կան շուրջ 12 միլիոն ներքին եւ արտաքին տեղահանուածներ։ Այս տխուր իրավիճակին աւելցաւ Քովիտ 19 արհաւիրքը,  յետին աղքատութեան մատնելով արդեն պատերազմէ խոցուած Սուրիոյ բնակչութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Կարդինալ Զենարի,նկատել տուաւ, որ Սուրիոյ մէջ աղքատութիւնը այլ տեսակ զօրեղ ռումբ մըն է, որուն թիրախ է Սուրիոյ բնակչութեան աւելի քան 80 տոկոսը։ Ըսաւ ան  աւելցնելով, որ եթէ Սուրիան, նախորդ տարիներու նման ռմբակոծումներուն թիրախ չէ,  այժմ դէմ յանդիման կը գտնուի այլ ռումբի մը դիմաց, որ է աղքատութիւնը։

 Վատիկան Նիւզի տուած հարցազրոյցի մէջ կարդինալ Զենարին կարեւորեց Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքները,որոնց համար ըսաւ Ան, կարիքը կայ աւել քան 4000 միլիարտ ամերիկեան տոլարի։

Պապական նուիրակը ապա Սուրիոյ մէջ աղքատութեան պատճառներու շարքին թուեց երկրին վրայ պարտադրուած միջազգային պատժամիջոցները, որոնք բացասական մեծ հետեւանք ունեցան Սուրիոյ վրայ։  Ծիրանաւորը Նշեց նաեւ Լիբանանի տագնապը, նկատել տալով որ այդ մէկը մեծապէս ազդեց Սուրիոյ կացութեան վրայ, որովհետեւ    մարդկային բարեսիրական օգնութիւններու փոխանցումը տեղի կ՝ունենայ լիբանանի ճամբով։

Կարդինալ Զենարի ապա ողջունց ՄԱԿի յատուկ բանագնաց Կէր Փետերսընի աշխատանքը, նկատել տալով ,որ ան ամէն ջանք կը թափէ երկխօսութեան հաստատման ի նպատ, երկխօսութիւն՝ որմէ  դժբախտաբար տակաւի շատ հեռու ենք ինչպէս նաեւ հեռու ենք Սուրիոյ վերականգնումի  աշխատանքներէն։ ըսաւ Սուրիոյ մէջ պապական նուիրակը ըստ որուն  Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն պէտք է սկսիլ տնտեսականութենէ եւ միջազգային խողովակներուն բացումէն՝ միջազգային օգնութիւնները փոխանցել կարենալու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/09/2020, 11:37