Ծովու աստղ առաքելութեան նոր զինանշանը Ծովու աստղ առաքելութեան նոր զինանշանը 

Կարդինալ Թուրքոսնի նամակը  «Ծովու աստղ» առաքելութեան հիմնադրութեան հարիւր ամեակի առթիւ։

Կարդինալ Թուրքսո «Ծովու աստղօ առաքելութիւնը կը յանձնէ Տիրամօր Հովանիին, որպէսզի սոյն առաքելութիւնը շարունակէ ապահով նաւահանգիստ դառնայ ծովայիններուն, ձկնորսներուն ու անոնց ընտանիքներուն համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

2020 թուականին կը նշուի «Ծովու Աստղ», ծովայիններու առաքելութեան հիմնադրութեան հարիւրը  ամեակը։
Այս առթիւ,  պատգամ մը ուղղեց մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի կառավարիչ, կարդինալ Փիթեր Թուրքսոն, ուղղուած աւելի քան 300 նաւահանգիստներու մէջ գործող Ծովու առաքելութեան կամարաւորներուն, մատրանապետերուն, որոնք ամէն տարի հոգ կը տանին  աւելի քան մէկ միլիոն ծովայիններուն,  այցելելով նուազագոյնը 70 հազար նաւեր։

Ունկնդրէ լուրը

Ծովու առաքելութիւնը, հիմնուած է 4 հոկտեմբեր 1920,ին Կլասքով քաղաքին մէջ։  Հիմնադրութեան հարիւր տարուան առթիւ նախատեսուած էր համաշխարհային համագումար որ պիտի գումարուէր, Սքովտիոյ քաղաքին մէջ 29 սեպտեմբերէն  4 հոկտեմբեր։ Համաճարակի հետեւանքով, համագումարը  յետաձգուած է ու տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ  3էն - 8 հոկտեմբեր 2021 թուականին։

Ծովու աստղ առաքելութեան հիմնդարութեան հարիւր ամեակի առթիւ, յառաջիկայ կիրակի օր սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի ,Քլասքով քաղաքին մէջ ձեռամբ արքեպիսկոպոս Ֆիլիփ Թարթալիայի։

Ծովայիններու, մատրանապետներուն, կամաւորներու ուղղած նամակի մէջ կարդինալ Թուրքսոն նշած է որ համաճարակի պատճառով, աւելի քան 300 հազար ծովայինները շրջապատուած եւ կղզիացած. են նաւերուն մէջ հեռու մնալով իրենց հարազատներէն։

Ծիրանաւոր Նկատել տուած է , որ բազմաթիւ կոչեր ապարդիւն մնացած են՝ նաւու մէջ աշխատող գործաւորները փոխարինելու համար ։Ան   իր զօրակցութիւն յայտնելով ծովայիններուն ,կոչ ուղղած է պետութիւններու, ազգային եւ միջազգային կազմակերպութիւններու խնդրելով  ամէն ջանք թափեն լուծելու  համար նաւերու մէջ շրջապատուած ծովայիններուն խնդիրները։

Նամակին մէջ կարդինալ Թուրքսոս  անդրադարձ կատարած է Ծովու առաքելութեան հիմնադրութեան հարիւր ամեայ պատմութեան,  որ 1922 թուականին վաւերացուած է Պիոս ԺԱ Պապին կողմէ։
Ան նկատել տուած է որ Ծովու առաքելութեան ներկայ դժուարութիւններուն  աւելցաւ   նաեւ Քովիտ 19 համաճարակի հարցերը,  դժուարութեան մատնելով ծովայինները։ Կարդինալ Թուրքսոս ծովու առաքելութեան ապագային համար հրաւիրած է բացուելու վերանորոգումի Սուրբ Հոգիին, բացայայտելու համար նոր միջոցներ,  ըլլալու համար եկեղեցի մը, որ ծովու ժողովուրդի հետ միասին կը նաւարկէ։

Ան  հրաւէր ուղղած է Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերուն նշանակելու եպիսկոպոս մը ,  ծովայիններու հոգատարութեան համար ։
Յորդորած է ծովային թեմերու եպիսկոպոսները անուանելու մատրանապետներ եւ ծովային հովուական ծառայութիւնը նկատել,  թեմի եւ ժողովրդապետութիւններուն ծովու հովուական ծառայութեան կարեւոր մասնիկ մը։

Կարդինալ Թուրքսո նամակին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Ծովու աստղ առաքելութեան զինանշանի փոփոխութեան նշելով որ վերագծուած զինանշանը կը ներկայացնէ ինքնութիւն մը է եւ եւ ուղեցոյց է ծովային աշխարհի ծառայութեան յանձնառումին համար։  Մինչ Խարիսխը կը խորհրդանշէ այն յոյսը որուն կանչուած ենք փոխանցելու։ մինչ Փրկալաստը կը խորհրդանշէ հաւատքը, Յիսուսի սուրբ Սիրտը սէրը, բոլոր ընկալելու համար։Ինչ կը հայի  լոյսի ճառագայթներուն ծիրանաւոր նշած է որ անոնք կը խորհրդանշեն Քրիստոսի ճրագը,  ճառագայթելու համար շահագործումներով եւ բռնութիւններով բնորոշուած  համայն աշխարհi մէջ

Կարդինալ Թուրքսոն նամակը աւարտած է Ծովու աստղը  առաքելութիւն յանձնելով Տիրամօր Հովանիին, որպէսզի սոյն առաքելութիւնը շարունակէ ապահով նաւահանգիստ դառնայ ծովայիններու, ձկնորսներուն ու անոնց ընտանիքներուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2020, 09:28