Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլինի յանձնարարութիւնը. «Ժողովրդային հաւատքը մաքրել քրէական տարրերէն»։

Վատիկանի Պետքարտուղարը Քալապրիայի Մարեմեան սրբավայրին մէջ վերահաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապին յանձնարարականը ժողովրդային հաւատքէն վերացնելու ոճրային տարրերը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Բաւ է յանցագործներու կողմէն Սուրբ Կոյսի կերպարի և պաշտամունքի շահագործումը»: Քահանայապետը այս մէկը արտայայտած էր յստակօրէն մի քանի օրեր առաջ Մարեմեան Միջազգային Քահանայապետական ակադեմիային ուղղած իր նամակին մէջ, որով խնդակցութիւն կը յայտնէր քրէական և մաֆիայի երեւոյթներու վերլուծութեան և ուսումնասիրման բաժնի ստեղծումին համար։

«Սուրբ Կոյսին կերպարը ազատել յանցաւոր կազմակերպութիւններու ազդեցութիւններէն» մաղթանք յայտնած էր Ֆրանչիսկոս Պապը, որուն խօսքերը արձագանք գտան նաեւ 8 սեպտեմբերին Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փարոլինի յայտարարութիւննրուն մէջ։

Ծիրանաւորը կը գտնուէր Քալապրիայի Քաթանծարօ նահանգի  «Torre Ruggiero» Մարեմեան սրբավայրին մէջ, ուր նախագահեց Շնորհքներու Տիրամօր տօնին սուրբ պատարագը, այդ վայրը որակելով «փոքրիկ Լուրտ մը» ու  խրախուսելով հաւատացեալները չի մոռնալու յոյսը։ Խօսելով ապա այն մեծ գանձի մասին որ ներկայացուած է «ժողովրդական հաւատքի» մէջ, Կարդինալ Եարոլին ընդգծեց հարկաւորութիւնը՝ այդ ժողովրդային հաւատքը մաքրելու այն տարրերէն որոնք անոր չեն պատկանիր, մանաւանդ եթէ անոնք  ենթաշխարհի կամ քրէական տարրեր են»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2020, 15:40