Կարդինալ Միքայէլ Շեռնի Կարդինալ Միքայէլ Շեռնի 

Կարդինալ Շեռնի. տեղահանները կարող են փոփոխութեան դրական ուժ դառնալ

Ի տես գաղթականի եւ փախստականի 106րդ համաշխարհային օրուան, որ կը նշուի կիրակի 27 սեպտեմբերին, Կարդինալ Միքայէլ Շեռնի՝ Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան բաժանմունքի գաղթականներու եւ փախստականներու բաժնի ենթաքարտուղարը, մասնակցելով «Յիսուսի նման ստիպուած փախչելու» բնաբանով առցանց մէկ հանդիպումին, հրաւէր ուղղեց աւելի մեծ համագործակցութեան պաշտպանելու համար տեղահանները։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Զօրեղ յորդոր մը Եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն, որպէսզի համագործակցին պատասխան տալու համար ներքին տեղահաններու յարուցած մարտահրաւէրներուն»։ Այս է Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան բաժանմունքի  գաղթականներու եւ փախստականներու բաժնի ենթաքարտուղար Կարդինալ Միքայէլ Շեռնիի միջամտութեան առանցքը կազմող նիւթը, զոր ան ներկայացուց չորեքշաբթի 23 սեպտեմբերի յետմիջօրէին, մասնակցելով  «Յիսուսի նման ստիպուած փախչելու» բնաբանով առցանց մէկ հանդիպումին զոր կազմակերպուած էր Յիսուսեան Միաբանութեան փախստականներու ծառայութեան եւ Միաբանութիւններու Մեծաւորներու միջազգային միութեան կողմէ, համագործակցութեամբ Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան բաժանմունքի  գաղթականներու եւ փախստականներու բաժնին։

Ունկնդրէ լուրը

Գաղթականի եւ փախստականի 106րդ համաշխարհային օրը, որ աւանդաբար կը նշուի  սեպտեմբերի վերջին շաբաթը, հաստատուած է ՝ տեղափոխուող անապահով մարդոց կեանքի և ճակատագրի մասին իրազեկութիւնը աճեցնելու համար, աղօթելու անոնց համար, ի տես նաեւ անոնց դիմաց կայացած մարտահրաւէրներուն։

«Տեղահանները հնարաւորութիւն կ՛ընծայեն բացայայտելու մարդկութեան թաքուն կողմերը եւ խորացնելու այս բարդ աշխարհին մասին մեր հասկացողութիւնը» ըսաւ Կարդինալ Շեռնի։ «Անոնց միջոցաւ է որ մենք կանչուած ենք հանդիպելու Տիրոջ նոյնիսկ եթէ մեր աչքերը կը դժուարին զինք ճանչնալու» աւելցուց Ան։

Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան բաժանմունքի ենթաքարտուղարը ակնարկելով Ֆրանչիսկոս Պապին գաղթականներու եւ փախստեաններու համաշխարհային 106րդ օրուան առթիւ հրապարակած պատգամին, որուն բնաբանն է «Ստիպուած փախչիլ Յիսուս Քրիստոսի նման», բացատրեց՝ թէ համաճարակին յառաջացուցած մարտահրաւէրներուն պատճառաւ Քահանայապետը ընդլայնեց պատգամին տարածքը, ողջագուրելու համար ոչ միայն ներքին տեղահանները այլեւ բոլոր անոնք՝ որոնք կ՛ապրին «անկայունութեան, լքումի, կղզիացումի եւ մերժումի իրավիճակ»։

Կարդինալ Շեռնի յիշեցուց նաեւ թէ Ֆրանչիսկոս Պապը 2018 թուականին հրաւիրած էր տեղահաններու հարցին հայող հովուական խնամակալութեան մարտահրաւէրին պատասխանել չորս  բայերով «Ընկալել, Պաշտպանել, Խթանել, եւ Ընդելուզել»։ Ասոր հիման վրայ այս տարուայ իր պատգամին մէջ Քահանայապետը ուզեց աւելիով արժեւորել այդ միտքը՝  անոնց կպցնելով գործնական արարքներ. «Հասկնալու համար պէտք է գիտակցիլ, մօտիկ ըլլալ ծառայելու համար, հաշտուելու համար պէտք է ունկնդրել եւ աճելու համար պէտք է բաժնեկցիլ, հուսկ պէտք է ներգրաւած ըլլալ խթանելու համար եւ համագործակցիլ կառուցելու համար։

Կարդինալ Շեռնի հուսկ շեշտը դրաւ ներքին տեղահաններու թիկունք կանգնելու համար  Եկեղեցիներու պատասխանատուներու միջեւ համագործակցութեան կարեւորութեան վրայ,  նկատել տալով, որ անոնց պաշտպանութեան   առաջին պատասխանատուներն են ազգային իշխանութիւնները, այդ ուղղութեամբ ակնարկելով Վատիկանի Գաղթականներու եւ Փախստականներու բաժնի կողմէ շարադրուած հովուական ուղեցոյցին։ Ան ապա քաջալերեց  ներգրաւել ներքին  տեղահանները, անոնց հայող ծրագիրներու իրականացման գործընթացին մէջ։

Կարդինալ Շեռնի ապա հաստատեց թէ ներքին տեղահանները կարող են ըլլալ փոփոխութեան դրական ուժ մը, եւ թէ անոնց ընդելուզման թիկունք կանգնիլը կը սատարէ խթանելու ընկերային համախմբումը, խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնն ու զարգացումը։

«Մօտիկ ըլլալով մեր ներքին տեղահան եղբայրներուն եւ քոյրերուն կանչուած ենք նկատելու անոնց գեղեցկութիւնն ու կարողութիւնները» դիտել տուաւ Ծիրանաւորը մատնանշելով որ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ներշնչում կը քաղէ Մատթէոսի աւետարանէն (Մատթ. 25, 31-46) որ մեզ կը քաջալերէ ճանչնալու Աստուած անօթիներուն, ծարաւներուն, հիւանդներուն, օտարականներուն  եւ բանտարկեալներու դիմագիծին մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2020, 08:00